Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Դատախազութիւնը Կը Պահանջէ Նախկին Պատգամաւոր Վարդան Այվազեանէն Բռնագանձել Շուրջ 20 Միլիառ Դրամ, Անշարժ Եւ Շարժական Գոյքեր

Դատախազութիւնը Կը Պահանջէ Նախկին Պատգամաւոր Վարդան Այվազեանէն Բռնագանձել Շուրջ 20 Միլիառ Դրամ, Անշարժ Եւ Շարժական Գոյքեր

by MassisPost

Հակափտածութեան դատարանը 2024 թուականի Մայիս 23-ին վարոյթ ընդունած է Գլխաւոր Դատախազութեան՝ ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման վերաբերեալ հերթական հայցադիմումը:

Գլխաւոր Դատախազութեան ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման գործերով վարչութիւնը պահանջ ներկայացուցած է դատարանին՝ ՀՀ Ազգային Ժողովի նախկին պատգամաւոր, բնապահպանութեան նախկին նախարար Վարդան Այվազեանէն եւ անոր փոխկապակցուած անձերէ բռնագանձել՝

3 անշարժ գոյք.

2 փոխադրամիջոց.

8 իրաւաբանական անձերու մէջ մասնակցութիւններ, բաժնեմասեր եւ բաժնետոմսեր.

2 փոխադրամիջոցի միջին շուկայական արժէքին համարժէք գումար.

2 միլիառ 632 միլիոն 342 հազար դրամ, որ չի հիմնաւորուիր անձի օրինական եկամուտներով, ունի ապօրինի ծագում, փոխանցուած է բարեխիղճ ձեռք բերողի կամ հնարաւոր չէ նոյնականացնել եւ բռնագանձել.

18 միլիառ 593 միլիոն 643 հազար դրամ՝ որպէս ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի օգտագործումէն ստացուած եկամուտի մնացորդ.

Շուրջ 101 միլիոն դրամի չափով տրուած փոխառութեան պահանջի իրաւունք:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment