Գանատահայ անուանի դերասանուհի Արսինէ Խանճեան կը յիշէ, թէ՝ ինչպէ՛ս Յուլիս 26-ին առանց որեւէ պատճառի ան յայտնուեցաւ ոստիկանութեան զօրաբաժինէն ներս: Մօտ երեք ժամ գտնուելով այնտեղ՝ դերասանուհին չհասկացաւ, թէ ինչո՞ւ այնտեղ տարուած է. «Ինծի ըսին՝ թիւրիմացութիւն եղած է եւ ներողութիւն խնդրեցին: Բայց ինծի հետ այնտեղ կային հարիւրէ աւելի մարդիկ, եւ ես հարցուցի՝ եթէ ինծի թիւրիմացաբար ձերբակալած էք, անո՞նց ինչո՛ւ ձերբակալած էք, անոնցմէ ինչո՞ւ ներողութիւն չէք խնդրեր»,- լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպման ժամանակ ան յայտնեց:
Տիկին Խանճեան կը նշէ, որ ոստիկանութեան զօրաբաժինէն դուրս գալէ ետք, իր հետ կապ հաստատած են քանատական լրատուամիջոցները: «Երբ ես պատմեցի անոնց ինծի հետ կատարուածը, անոնք ինծի հարցուցին՝ բայց Հայաստանը դեմոկրատական երկիր չէ՞: Ես ստիպուած էի ըսել, որ այո, դեմոկրատական է, պարզապէս այս օրերուն որոշ իրաւունքներ խախտուած են: Դեմոկրատիայի հարցը Հայաստանի մէջ շատ լուրջ է: Եթէ մարդը պարզապէս կ՛արտայայտէ իր կարծիքը, այդ պատճառաւ իսկ ան կրնայ պատժուիլ»,- ըսաւ դերասանուհին՝ աւելցնելով, որ այս դէպքերէն ետք ինք հետեւողական պիտի ըլլայ ո՛չ թէ իրեն համար, այլ բոլոր անոնց, որոնք անարդարացիօրէն ձերբակալուած էին:
Ասուլիսին ներկայ՝ փաստաբան Արամազդ Կիվիրեանը նաեւ նշեց, որ վերջին օրերուն ոստիկաններուն գործողութիւնները փլուզեցին այն առասպելը, զոր ոստիկանութիւնը կառուցած էր տարիներու ընթացքին: «Ոստիկանութիւնը ցոյց տուեց, թէ ինչպէս է աշխատում իրապէս: Բնականաբար, սա եղել է նաեւ մինչ այդ, բայց եղել է կոնկրետ անձանց դէպքում եւ այդքան մեծ հնչեղութիւն չի ունեցել»,- նշեց ան՝ աւելցնելով, որ յառաջիկային վերաքննութեան պիտի ենթարկեն ոստիկանութեան ո՛չ իրաւաչափ գործողութիւնները:
Փաստաբան Լուսինէ Սահակեանի խօսքով՝ եթէ ձգենք, որ ոստիկանութիւնն ինքնին փորձէ փոխուիլ, ապա կը սահմանափակուինք միայն ներողութիւն խնդրելով: Տիկին Սահակեան կը նշէ՝ եւ եթէ պէտք ըլլայ, այս հարցով կը դիմեն ՄԻԵԴ, որպէսզի ոստիկանական համակարգէն ներս ինչ-որ փոփոխութիւններ կատարուին: