Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ինչո՞ւ Ոստիկանութիւնը Բոլորէն Ներողութիւն Չի Խնդրեր. Արսինէ Խանճեան

Ինչո՞ւ Ոստիկանութիւնը Բոլորէն Ներողութիւն Չի Խնդրեր. Արսինէ Խանճեան

by MassisPost

Գանատահայ  անուանի  դերասանուհի Արսինէ Խանճեան կը յիշէ, թէ՝ ինչպէ՛ս Յուլիս 26-ին առանց որեւէ պատճառի ան յայտնուեցաւ ոստիկանութեան զօրաբաժինէն ներս: Մօտ երեք ժամ գտնուելով այնտեղ՝ դերասանուհին չհասկացաւ, թէ ինչո՞ւ այնտեղ տարուած է. «Ինծի ըսին՝ թիւրիմացութիւն եղած է եւ ներողութիւն խնդրեցին: Բայց ինծի հետ այնտեղ կային հարիւրէ աւելի մարդիկ, եւ ես հարցուցի՝ եթէ ինծի թիւրիմացաբար ձերբակալած էք, անո՞նց ինչո՛ւ ձերբակալած էք, անոնցմէ ինչո՞ւ ներողութիւն չէք խնդրեր»,- լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպման ժամանակ ան յայտնեց:

Տիկին Խանճեան կը նշէ, որ ոստիկանութեան զօրաբաժինէն դուրս գալէ ետք, իր հետ կապ հաստատած են քանատական լրատուամիջոցները: «Երբ ես պատմեցի անոնց ինծի հետ կատարուածը, անոնք ինծի հարցուցին՝ բայց Հայաստանը դեմոկրատական երկիր չէ՞: Ես ստիպուած էի ըսել, որ այո, դեմոկրատական է, պարզապէս այս օրերուն որոշ իրաւունքներ խախտուած են: Դեմոկրատիայի հարցը Հայաստանի մէջ շատ լուրջ է: Եթէ մարդը պարզապէս կ՛արտայայտէ իր կարծիքը, այդ պատճառաւ իսկ ան կրնայ պատժուիլ»,- ըսաւ դերասանուհին՝ աւելցնելով, որ այս դէպքերէն ետք ինք հետեւողական պիտի ըլլայ ո՛չ թէ իրեն համար, այլ բոլոր անոնց, որոնք անարդարացիօրէն ձերբակալուած էին:

Ասուլիսին ներկայ՝ փաստաբան Արամազդ Կիվիրեանը նաեւ նշեց, որ վերջին օրերուն ոստիկաններուն գործողութիւնները փլուզեցին այն առասպելը, զոր ոստիկանութիւնը կառուցած էր տարիներու ընթացքին: «Ոստիկանութիւնը ցոյց տուեց, թէ ինչպէս է աշխատում իրապէս: Բնականաբար, սա եղել է նաեւ մինչ այդ, բայց եղել է կոնկրետ անձանց դէպքում եւ այդքան մեծ հնչեղութիւն չի ունեցել»,- նշեց ան՝ աւելցնելով, որ յառաջիկային վերաքննութեան պիտի ենթարկեն ոստիկանութեան ո՛չ իրաւաչափ գործողութիւնները:

Փաստաբան Լուսինէ Սահակեանի խօսքով՝ եթէ ձգենք, որ ոստիկանութիւնն ինքնին փորձէ փոխուիլ, ապա կը սահմանափակուինք միայն ներողութիւն խնդրելով: Տիկին Սահակեան կը նշէ՝ եւ եթէ պէտք ըլլայ, այս հարցով կը դիմեն ՄԻԵԴ, որպէսզի ոստիկանական համակարգէն ներս ինչ-որ փոփոխութիւններ կատարուին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment