ԱՄՆ մտադիր է Հայաստանին տրամադրել 145 միլիոն տոլար աջակցութիւն, փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի հետ հանդիպման ընթացքին յայտնած է ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութեան Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ բիւրոյի ղեկավար Պրենտըն Հենրեհենը:
«Սա ֆինանսաւորման առաջին մասնաբաժինն է ուղղուած «Թրամփի ուղի՝ յանուն միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման» նախագիծի եւ Օգոստոս 8-ին ձեռք բերուած յարակից պայմանաւորուածութիւններու իրագործման՝ առեւտուրի, ենթակառուցուածքներու, կարեւորագոյն հանքանիւթերու մատակարարման շղթաներու եւ միջսահմանային անվտանգութեան ասպարէզներուն մէջ ներդրումներուն աջակցելու միջոցով»,- ըսած է Պրենտըն Հենրեհենը:
Փոխվարչապետը բարձր գնահատած է Ուաշինկթընի մէջ Օգոստոս 8-ին կայացած հանդիպումներուն արդիւնքներով ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները եւ յոյս յայտնած, որ համատեղ ջանքերով հնարաւոր պիտի ըլլայ Հայաստանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջեւ կնքուած փոխըմբռնման յուշագրերու շրջանակներուն մէջ զարգացնել երկկողմ յարաբերութիւնները:
Զրուցակիցները քննարկած են տարածաշրջանային զարգացումներն ու հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հնարաւորութիւնները, անդրադարձած «Թրամփի ուղի՝ յանուն միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման» նախագիծի կարեւորութեան:
Հանդիպման ներկայ եղած է նաեւ Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպան Քրիսթինա Քվին:

