«Թրամփի ուղին՝ TRIPP-ը, ապագային ստորագրուելիք հայ-ատրպէյճանական խաղաղութեան համաձայնագրի կարեւոր բաղադրիչն է»,- Պաքուի մէջ կայացած ասուլիսի ժամանակ յայտնած է Միացեալ Նահանգներու Տնտեսական ֆինանսաւորման ընկերակցութեան (DFC) գործադիր տնօրէն Քէնեթ Անյելը։
АPA գործակալութեան փոխանցմամբ՝ Անյել նաեւ նշած է, որ «Թրամփի ուղին», «կը ծառայէ երկար ժամանակ տարանջատուած ատրպէյճանական տարածքներու վերամիաւորման»։
Ամերիկացի պաշտօնեան Պաքու կը գտնուի Միջին միջանցքի հարցերով ԱՄՆ արտօնագրուած առեւտրային առաքելութեան պատուիրակութեան այցի ծիրին մէջ։
Ասուլիսին ժամանակ Քէնեթ Անյել նաեւ նշած է «մէկ կողմէ Ռուսաստանն ու Իրանը չեն ուզեր, որ այդ միջանցքը բացուի։ Թուրքիան, հակառակը, հանդէս կու գայ անոր բացման օգտին։ Հայաստանը եւս շահագրգռուած է այս գործընթացով, քանի որ այդ երթուղիով անցնող բեռներուն համար մաքսատուրքի գանձումը շահաւէտ պիտի ըլլայ այդ երկրին համար»։

