Հայաստանը կ’օգնէ Ռուսական «Ալռոսա» ընկերութեան արեւմտեան պատժամիջոցները շրջանցելու եւ ռուսական ծագման ադամանդները արեւմտեան շուկայ արտահանելու գործով, կը գրէ գերմանական Bild հանդէսը՝ վկայակոչելով լրագրողական անկախ հետաքննութիւններով զբաղող Arctida կայքի օրերս հրապարակած տուեալները։
Անոնց համաձայն՝ Ռուսաստանի մէջ արդիւնահանուած ադամանդները նախ կ’առաքուին Հայաստան, ուր որոշակի մշակում անցնելէ յետոյ կը վերաարտահանուին Հնդկաստան, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ եւ Չինաստան։ Այս մեխանիզմով «Ալռոսա»-ի հետ առնչութիւններ ունեցող ПБК ընկերութեան միայն 2023-ի Յունուարէն մինչեւ 2024-ի Մարտ ինկած ժամանակահատուածին յաջողած է շուրջ 250 միլիոն տոլարի ադամանդ արտահանել արեւմտեան շուկաներ։
Հետաքննող լրագրողներուն տուեալներով՝ Ռուսաստանի դէմ սահմանուած պատժամիջոցներու շրջանցման գործին մէջ յատկապէս աշխոյժ են հայկական ADM Diamonds եւ Fancy Jewelry ընկերութիւնները։

