Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ատրպէյճանական Պատուիրակութիւնը Վտարուեցաւ ԵԽԽՎ-էն՝ Առնուազն Մէկ Տարիով

Ատրպէյճանական Պատուիրակութիւնը Վտարուեցաւ ԵԽԽՎ-էն՝ Առնուազն Մէկ Տարիով

by MassisPost

Ատրպէյճանական պատուիրակութիւնը առնուազն մէկ տարիով վտարուեցաւ Եւրոպայի Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովէն (ԵԽԽՎ)․ կառոյցը նախօրէին ձայներու 76 կողմ, 10 դէմ եւ 4 ձեռնպահ յարաբերակցութեամբ որոշեց չվաւերացնել Ատրպէյճանի պատուիրակութեան լիազօրութիւնները։

Ատրպէյճանական 6-հոգինոց պատուիրակութիւնը կառոյցին մէկ տարիով հրաժեշտ կու տայ Եւրոպայի Խորհուրդին միանալէ ուղիղ 23 տարի անց։ Պաքուն կառոյցի անդամ դարձած է 2001 թուականի Յունուար 25-ին։

Ատրպէյճանցի պատգամաւորները Վեհաժողովէ հեռացնելու առաջարկը, որուն հիմնականին մէջ դէմ քուէարկած են Թուրքիոյ պատուիրակութեան 9 անդամներ եւ մէկ պատգամաւոր ալ Ալպանիայէն, ներկայացուցած է գերմանացի պատուիրակ Ֆրանք Շվապէն։ Գերմանացի քաղաքական գործիչը դեռ տարիներ առաջ բացայայտած էր ատրպէյճանական «խաւիարային դիւանագիտութեան» աղաղակող փաստերը, որոնց համաձայն՝ Ալիեւը միլիառաւոր տոլարներ ծախսած է արեւմտեան ազդեցիկ քաղաքական գործիչներու՝ այդ շարքին ԵԽԽՎ-ի բազմաթիւ պատգամաւորներու վրայ, որպէսզի վերջիններս աչք փակեն Ատրպէյճանի մէջ տեղի ունեցող ճնշումներուն վրայ եւ հարկ եղած պարագային պաշտպանեն իր վարչակարգը։

Ատրպէյճանի նկատմամբ պատժամիջոց սահմանելու անհրաժեշտութեան մասին խօսելով Շվապէն յիշեցուցած է այդ փաստերը եւ պնդած՝ Պաքուի գործողութիւնները կը խախտեն Եւրոպայի Խորհուրդին հետ համագործակցութեան սկզբունքները:

ԵԽԽՎ-ն ատրպէյճանական պատուիրակութեան կառոյցէն հեռացնելու իր աննախադէպ որոշման հիմքին շարք մը պատճառներ թուարկած է՝ Լաչինի միջանցքի արգելափակումն ու անոր լրջագոյն հետեւանքները, որոնք յանգեցուցին Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան բռնի տեղահանման, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի ժողովրդավարական խնդիրները՝ քաղաքական բանտարկեալներու աճող թիւը, ընտրութիւններու, կառավարման համակարգի, դատարաններու անկախութեան առնչութեամբ եւ ընդհանուր առմամբ՝ օրէնքի գերակայութեան հետ կապուած մտահոգութիւնները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment