Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Այսուհետեւ Հայաստանէն ԵՄ Եւ ԱՄԷ Կրնան Արտահանուիլ Շարք Մը Սննդատեսակներ

Այսուհետեւ Հայաստանէն ԵՄ Եւ ԱՄԷ Կրնան Արտահանուիլ Շարք Մը Սննդատեսակներ

by MassisPost

Այսուհետեւ Եւրամիութեան երկիրներ կրնայ արտահանուիլ Հայաստանի մէջ արտադրուած կաթի եւ/կամ հաւկիթի պարունակութեամբ պատրաստուած արտադրանք:

Եւրոպական Յանձնաժողովին որոշումը կայացուած է Հայաստանի մէջ սննդամթերքի անվտանգութեան ոլորտի գործառոյթներու, ինչպէս նաեւ իրականացուող վերահսկողութեան արդիւնքներու հիման վրայ, կը հաղորդէ ՀՀ Սննդամթերքի անվտանգութեան տեսչական մարմինը:

Նոյն կառոյցը մէկ այլ հաղորդագրութեամբ կը տեղեկացնէ, որ Արաբական Միացեալ Էմիրություններու Կլիմայի փոփոխութեան եւ շրջակայ միջավայրի նախարարութեան հետ իր վեցամսեայ բանակցութիւններու, աշխատանքային քննարկումներու եւ տեղեկատուութեան փոխանակման շնորհիւ համաձայնեցուած են Հայաստանէն ԱՄԷ ձուկ-ձկնամթերքի, մեղրի եւ մեղուաբուծական արտադրանքի, կաթ-կաթնամթերքի եւ միս-մսամթերքի արտահանման առողջութեան վկայականները:

Նշուած սննդատեսակները Հայաստանէն արդէն կրնան արտահանուիլ ԱՄԷ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment