Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Տարածքային Ամբողջականութեան Որեւէ Խախտում Լուրջ Հետեւանքներ Պիտի Ունենայ. Պորել

Հայաստանի Տարածքային Ամբողջականութեան Որեւէ Խախտում Լուրջ Հետեւանքներ Պիտի Ունենայ. Պորել

by MassisPost

Եւրոմիութիւնը (ԵՄ) մտահոգուած է Ատրպէյճանի նախագահին՝ տարածքային պահանջներու վերաբերեալ վերջին յայտարարութիւններով, Պրիւսքէլի մէջ՝ ԵՄ անդամ պետութիւններու արտաքին գործերու նախարարներու հաւաքէն յետոյ յայտնեց ԵՄ արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Ժոզեփ Պորելը։

«Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան որեւէ խախտում անընդունելի պիտի ըլլայ եւ լուրջ հետեւանքներ պիտի ունենայ Ատրպէյճանի հետ մեր յարաբերութիւններուն համար», նշեց ան։

Այդ հաւաքի ընթացքին, ի թիւս այլ հարցերու, քննարկուած են նաեւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի յարաբերութիւնները։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment