Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ատրպէյճանը Առժամանակ Կը Դադրեցնէ Աշխատանքը ԵԽԽՎ-ի Մէջ

Ատրպէյճանը Առժամանակ Կը Դադրեցնէ Աշխատանքը ԵԽԽՎ-ի Մէջ

by MassisPost

Ատրպէյճանի պատուիրակութիւնը Եւրոխորհրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովին մէջ յայտարարութիւն տարածած է, յայտնելով որ առժամանակ կը դադրեցնէ մասնակցութիւնը ԵԽԽՎ աշխատանքներուն։ Հիմնաւորման մէջ կը նշուի, որ Ատրպէյճանը դէմ է իր պատուիրակութեան լիազօրութիւններու սահմանափակման գործընթացին եւ այդ կը համարէ «լուրջ հարուած Եւրոպայի Խորհուրդի հեղինակութեան ու անաչառութեան»։

Ըստ Ատրպէյճանի պատուիրակութեան. «ԵԽԽՎ-ին մէջ ստեղծուած ցեղապաշտութեան, ատրպէյճանավախի եւ իսլամավախի անտանելի մթնոլորտի պայմաններուն մէջ Ատրպէյճանի պատուիրակութիւնը որոշում կը կայացնէ առժամանակ դադրեցնելու իր փոխգործակցութիւնը եւ ներկայութիւնը ԵԽԽՎ-ի մէջ մինչեւ հետագայ ծանուցում»:

Յայտարարութեան ընթերցումէն յետոյ պատուիրակութիւնը լքած է դահլիճը։

Յիշեցնենք, որ Եւրոպայի Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովին մէջ քուէարկութեան պիտի դրուի ատրպէյճանական պատուիրակութեան լիազօրութիւնները սահմանափակելու հարցը: Նախաձեռնութիւնը գերմանացի, սոցիալ-դեմոկրատ Ֆրանք Շվապէինն է։

Ըստ գերմանացի պատուիրակին՝ ատրպէյճանական պատուիրակութեան ուղիղ պատասխանատուութեան հետեւանքով է, որ Վեհաժողովի զեկուցողները անցեալ տարի առնուազն երեք անգամ չեն կրցած այցելել Լաչինի միջանցք։ Պաքուն մերժած է նաեւ ընդունիլ Փետրուար 7-ին կայանալիք նախագահական ընտրութիւններուն դիտորդական առաքելութիւն իրականացնելու Վեհաժողովին առաջարկը:

Եւրոպացի պատուիրակը իր առաջարկը ներկայացնելու ատեն շեշտած է՝ Պաքուի վարչակազմի քաղաքանութեան պատճառով Լեռնային Ղարաբաղէն աւելի քան 100 հազար հայ բռնի տեղահանուած է, երկրին մէջ քաղաքական բանտարկեալները կ’աւելնան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment