Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Եւ Ղազախիստանի Միջեւ Ստորագրուած Է Պաշտպանական Ոլորտին Մէջ Համագործակցութեան Ծրագիրը

Հայաստանի Եւ Ղազախիստանի Միջեւ Ստորագրուած Է Պաշտպանական Ոլորտին Մէջ Համագործակցութեան Ծրագիրը

by MassisPost

Յունուար 23-ին` Ղազախստանի Հանրապետութիւն պաշտօնական այցի շրջանակին մէջ, Ղազախիստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի դիմաւորման հանդիսաւոր արարողութիւնը՝ պատուոյ պահակախումբի եւ զինուորական նուագախումբի մասնակցութեամբ:

Արարողութենէն յետոյ մեկնարկած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի եւ Ղազախիստանի պաշտպանութեան նախարար, զօրավար-գնդապետ Ռուսլան Ժաքսիլիքովի հանդիպումը՝ ընդլայնուած կազմով:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են հայ-ղազախական պաշտպանական համագործակցութեան առնչուող, անվտանգային եւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցեր։

Երկուստեք արձանագրուած է համագործակցութեան զարգացման մեծ ներուժը, պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է համագործակցութեան հետագայ զարգացման վերաբերեալ։

Հանդիպման աւարտին պաշտպանութեան նախարարները ստորագրած են Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ղազախիստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւններուն միջեւ պաշտպանական ոլորտին մէջ 2024 թուականի համագործակցութեան ծրագիրը, որ կը ներառէ շարք մը միջոցառումներ Հայաստանի եւ Ղազախիստանի մէջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment