Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մենք Ատրպէյճանէն Կ’ակնկալենք Երաշխիքներ Եւ Պատրաստ Ենք Տալու Երաշխիքներ. ՀՀ Վարչապետ

Մենք Ատրպէյճանէն Կ’ակնկալենք Երաշխիքներ Եւ Պատրաստ Ենք Տալու Երաշխիքներ. ՀՀ Վարչապետ

by MassisPost

Հայաստանը խաղաղութեան գործընթացին մէջ Ատրպէյճանէն կ’ակնկալէ թաքնուած տարածքային պահանջներ չունենալու երաշխիքներ եւ պատրաստ է փոխադարձաբար նոյն երաշխիքը տալբւ Ատրպէյճանին:

Այս մասին յայտնած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը` «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան նախաձեռնող խումբի նիստին ժամանակ՝ ներկայացնելով, թէ ուր հասած է խաղաղութեան պայմանագրին շուրջ աշխատանքը:

«Աշխատանքը հասել է մի տեղ, որ մենք Ատրպէյճանից, Ատրպէյճանը մեզնից լրացուցիչ երաշխիքներ ենք ուզում, որ մենք փոխադարձաբար միմեանցից թաքնուած տարածքային պահանջներ ու նկրտումներ չունենք: Դիւանագիտական բնագրերը միշտ տարբեր շրջադարձեր, ենթագրեր, տողատակեր են ունենում: Եւ մենք Ատրպէյճանի, երեւի Ատրպէյճանն էլ՝ մեր, առաջարկների տողատակերում տարածքային պահանջների՝ եթէ ոչ այսօր, ապա հետագայ վտանգներ ենք տեսնում», ըսած է Փաշինեան:

Ըստ վարչապետին՝ իրադրութեանըկարելի է վերաբերիլ տարբեր կերպ, սակայն իրադրութեան պէտք է վերաբերիլ որպէս աշխատանքային գործընթաց, որ պէտք է շարունակել կառավարել, մինչեւ հարցերը պատասխան ստանան:

Վարչապետը կը համարէ, որ տեսական մակարդակով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութիւնը հնարաւոր է: Եւ ըստ էութեան վերջին շրջանի խօսակցութիւնները գացած են այդ ուղղութեամբ, որ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը իրարմէ տարածքային պահանջներ չունին եւ կը պարտաւորուին փոխադարձաբար ապագային նոյնպէս այդպիսի տարածքային պահանջներ չներկայացնել: Սա այն ըմբռնումն է, որ այս ընթացքին ձեռք բերուած է:

«Մենք Ատրպէյճանից ակնկալում ենք երաշխիքներ, որ Ատրպէյճանը Հայաստանի Հանրապետութիւնից թաքնուած, տողատակերում չի ուզում ապագայ տարածքային պահանջների համար կռուաններ թողնել: Մենք ուզում ենք այդպիսի երաշխիքներ, բայց նաեւ պատրաստ ենք տալ այդպիսի երաշխիքներ: Սա փոխկապակցուած գործողութիւն է», ըսած է Փաշինեան՝ յաւելելով, որ սա ոչ հայկական կողմէ, ոչ ատրպէյճանական կողմէ այն չի կրնար ըլլալ միակողմանի:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment