Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Միլի Մեճլիսը «Արեւմտեան Ատրպէյճանցիներու՝ Իրենց Պատմական Հայրենիք Վերադառնալու» Մասին Յայտարարութիւն Ընդունած Է

Միլի Մեճլիսը «Արեւմտեան Ատրպէյճանցիներու՝ Իրենց Պատմական Հայրենիք Վերադառնալու» Մասին Յայտարարութիւն Ընդունած Է

by MassisPost

Ատրպէյճանի Օրէնսդիր մարմինը «Արեւմտեան ատրպէյճանցիներու՝ իրենց պատմական հայրենիք վերադառնալու» մասին յատուկ յայտարարութիւն ընդունած է։

Միլի Մեճլիսին մէջ ընդունուած փաստաթուղթին համաձայն «Արեւմտեան ատրպէյճանցիներու պատմական հայրենիքը» Հայաստանն է։

«Ատրպէյճանցիները դարեր շարունակ ապրած են ներկայիս Հայաստանի տարածքին: Պատմական փաստաթուղթերն ու քարտէզները կը վկայեն, որ այստեղ ապրող բնակչութեան մեծ մասը ատրպէյճանցիներ եղած են», «ԱՊԱ» գործակալութեան փոխանցմամբ ըսուած է յայտարարութեան բնագրին մէջ, որ խորհրդարանին մէջ ներկայացուցած է «Արեւմտեան Ատրպէյճանի համայնքի» նախագահ, պատգամաւոր Ազիզ Ալեքպերլին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment