Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սան Փեթերպուրկի Մէջ Կայացած Է Եւրասիական Բարձրագոյն Խորհուրդի Նիստը

Սան Փեթերպուրկի Մէջ Կայացած Է Եւրասիական Բարձրագոյն Խորհուրդի Նիստը

by MassisPost

Սան Փեթերպուրկի մէջ կայացած է Եւրասիական Բարձրագոյն Խորհուրդի նիստը։

Եւրասիական Բարձրագոյն Տնտեսական Խորհուրդը ԵԱՏՄ բարձրագոյն մարմինն է, որուն մէջ ընդգրկուած են Միութեան անդամ երկիրներու ղեկավարները։

ԵԱՏՄ անդամներն են Հայաստանը, Պելառուսիան, Ղազախիստանը, Ղրղզիստանը եւ Ռուսաստանը։ Հանդիպման մասնակցած է նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։

Յիշեցնենք՝  վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երկօրեայ աշխատանքային այցով մեկնած է Ռուսաստանի Դաշնութիւն՝ Սան Փեթերպուրկ, ուր կը մասնակցի Եւրասիական Տնտեսական Բարձրագոյն Խորհուրդի նիստին, իսկ Դեկտեմբեր 26-ին՝ ԱՊՀ ոչ-պաշտօնական գագաթաժողովին:

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Սան Փեթերպուրկի մէջ կայանալիք ԱՊՀ գագաթաժողովի ծիրին մէջ շփուելու լաւ հնարաւորութիւն պիտի ունենան։ Այս մասին նշած է Ռուսիոյ նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքով։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment