Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Հայաստանի Հետ Խաղաղութեան Պայմանագիրը Ամէն Ինչ Պիտի Չլուծէ 100 Տոկոսով. Հանդիպումները Պիտի Կայանան 2024-ին». Պայրամով

«Հայաստանի Հետ Խաղաղութեան Պայմանագիրը Ամէն Ինչ Պիտի Չլուծէ 100 Տոկոսով. Հանդիպումները Պիտի Կայանան 2024-ին». Պայրամով

by MassisPost

Խաղաղութեան պայմանագիրը ամէն ինչ 100 տոկոսով պիտի չլուծէ. ատրպէյճանական հեռուստատեսութեան տուած հարցազրոյցին այդ մասին յայտնած է Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարար Ճէյհուն Պայրամովը։

Անոր խօսքով՝ Ատրպէյճանն է խաղաղութեան համաձայնագրի հետ կապուած բոլոր կարեւոր նախաձեռնութիւններուն հեղինակը. «Գործընթացը կախուած չէ մէկ կողմի ցանկութենէն։ Կարեւոր է, որ երկու կողմերն ալ համապատասխան քայլեր ձեռնարկեն։ Ատրպէյճանի ինքնիշխանութեան ամբողջական վերականգնումէն յետոյ մենք ուշադիր կը հետեւինք Հայաստանի քաղաքական ղեկավարութեան ուղերձներուն։ Մենք նաեւ որոշ դրական արձագանգներ կը լսենք»:

Գերատեսչությեան ղեկավարը յայտնած է, որ պաշտօնական Պաքուն խաղաղութեան պայմանագրի վերաբերեալ առաջարկներու հերթական փաթեթը Երեւանէն ստացած է այս տարուան Նոյեմբերի վերը։ «Առաջարկութիւններու փաթեթը, որ մեր կողմէ մշակուած է մէկ ամսուայ ընթացքին, ներկայացուած է Հայաստանին։ Գործընթացը կը շարունակուի։ Կը կարծեմ՝ հանդիպումները պիտի կայանան 2024 թուականին։ Մենք իրատեսօրէն ու լաւատեսօրէն կը նայինք այս հարցին։ Միաժամանակ, երբ մենք կը խօսինք խաղաղութեան պայմանագրի մասին, պէտք է հասկնանք, որ այն ամէն ինչ պիտի չլուծէ 100 տոկոսով», ըսած է Պայրամով։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment