Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թող Մօտենայ Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Միջեւ Լիակատար Հաշտեցման Օրը․ Հռոմի Պապ

Թող Մօտենայ Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Միջեւ Լիակատար Հաշտեցման Օրը․ Հռոմի Պապ

by MassisPost

Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապը հաւատացեալներուն ուղղուած Սուրբ Ծննդեան ուղերձին մէջ դատապարտած է պատերազմները, որոնք կը սնուին զէնքի արտադրութեամբ։

«Պատերազմը միշտ ճանապարհորդութիւն է առանց նպատակակէտի, պարտութիւն՝ առանց յաղթողներու, խելագարութիւն՝ առանց արդարացումներու: Բայց պատերազմին «ոչ» ըսելու համար պէտք է «ոչ» ըսել զէնքին: Եթէ մարդու սիրտը դժգոհ է ու վիրաւոր, իր ձեռքին ան պիտի գտնէ մահուան գործիքը եւ վաղ թէ ուշ զայն պիտի օգտագործէ։ Իսկ ինչպէ՞ս կարելի է խօսիլ խաղաղութեան մասին, եթէ զէնքի արտադրութիւնը, վաճառքը, առեւտուրը կ’աճին: Ես կը խնդրեմ ձեզ դադրեցնել ռազմական գործողութիւնները, որոնք կը յանգեցնեն անմեղ զոհերու», ըսած է պապը։

Հռոմի պապը խօսած է նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւններէն։

«Նայելով Մանուկ Յիսուսին՝ ես կ’աղօթեմ Ուքրանիոյ խաղաղութեան համար, մենք մեր հոգեւոր մտերմութիւնը կը յայտնենք անոր նահատակ ժողովուրդին: Թող մօտենայ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ լիակատար հաշտեցման օրը: Թող անոր նպաստեն մարդասիրական նախաձեռնութիւնները, անոնց վերադարձը, որոնք լքած են իրենց տուները, եւ որեւէ համայնքի կրօնական աւանդոյթներու եւ պաշտամունքի վայրերու նկատմամբ յարգանքը», ըսած է Կաթոլիկ եկեղեցւոյ հոգեւոր առաջնորդը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment