Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ատամ Շիֆ Կոչ Կ’ընէ Յաւելեալ Օգնութիւն Ներառել Հայաստանին

Ատամ Շիֆ Կոչ Կ’ընէ Յաւելեալ Օգնութիւն Ներառել Հայաստանին

by MassisPost

Ներկայացուցիչներու Տան անդամ` Ատամ Շիֆ նամակ յղած է Ներկայացուցիչներու Տան  եւ Ծերակոյտի ղեկավարութեան՝ կոչ ընելով նախագահ Պայտընի Ազգային անվտանգութեան յաւելեալ ֆինանսաւորման օրինագծին մէջ ներառնել Հայաստանին տրամադրուող  մարդասիրական օգնութիւնը:

«Հայաստան  կ՛աջակցի աւելի քան 100,000  փախստականներու, որոնք տեղահանուած են Լեռնային Ղարաբաղէն 2023 թուականի Սեպտեմբերին` Ատրպէյճանի կողմէ  ռազմական յարձակումներուն հետեւանքով, եւ ընդհանուր առմամբ մինչեւ 150,000 փախստականի 2020 թուականի 44-օրայ հակամարտութենէն  յետոյ:

«Արցախը արտաքին աշխարհի հետ  կապող միակ ճանապարհի` Լաչինի միջանցքի 10 ամիս տեւած շրջափակմամբ արցախցիներուն սովի ենթարկէ յետոյ, ատրպէյճանական ուժերը Սեպտեմբերի 19-ին լայնածաւալ յարձակում գործեցին Արցախի վրայ, որուն արդիւնքով առնուազն. 200 զոհ եւ 400 վիրաւոր, անոնց շարքին` երեխաներ, կանայք եւ ծերեր, ինչը դրդեց գրեթէ ամբողջ բնակչութեան փախչելու իրենց կեանքին համար:

«Մենք կը հասկնանք, որ Հայաստանի կառավարութիւնը յայտնաբերած է աւելի քան 1,5 միլիառ տոլար յատկացնելու անհրաժեշտութիւն Լեռնային Ղարաբաղէն փախստականներու երկարաժամկէտ  բնակարանային կարիքներուն համար, սակայն միջազգային հանրութեան եւ Միացեալ Նահանգներու զգալի եւ կայուն աջակցութիւնը կը պահանջուի կարճաժամկէտ խնդիրներու լուծման  եւ փախստականներու միջնաժամկէտ կարիքներուն համար:

«Հայաստանի մէջ գտնուող փախստականներու հրատապ մարդասիրական կարիքներու մեղմացումը եւ մարդկային տառապանքը մեղմելը պէտք է  ըլլան առաջնահերթութիւն: Ազգային անվտանգութեան յաւելուածը պէտք է ներառի Հայաստանին  տրամադրուող  ԱՄՆ-ի մարդասիրական օգնութիւնը, որ բաւարարէ     մարտահրաւէրները`  լուծելու Հայաստանի ծաղկող ժողովրդավարութեան նկատմամբ ԱՄՆ-ի նուիրուածութիւնը ցոյց տալու«  քանի որ հայ ժողովուրդը կը շարունակէ դիմակայել չյայտարարուած  ռազմական յարձակումի  եւ ցեղասպանութեան սպառնալիքներուն`  իր միապետական հարեւանին կողմէ»,- կ՛եզրակացնէ  Ատամ Շիֆ իր նամակին մէջ:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment