Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մոսկուա Կ’ողջունէ Հայ-Ատրպէյճանական Համաձայնութիւնը՝ Յիշեցնելով Եռակողմ Յայտարարութիւնները

Մոսկուա Կ’ողջունէ Հայ-Ատրպէյճանական Համաձայնութիւնը՝ Յիշեցնելով Եռակողմ Յայտարարութիւնները

by MassisPost

Մոսկայի մէջ գոհունակութեամբ ընդունած են Ատրպէյճանի նախագահի ու Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմերուն համատեղ յայտարարութիւնը, որ կը հաստատէ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու եւ խաղաղութեան համաձայնագիր կնքելու փոխադարձ մտադրութիւնը։ Այդ մասին ըսուած է Ռուսաստանի Արտաքին Գործերու Նախարարութեան կայքին մէջ տեղադրուած՝ գերատեսչութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովայի մեկնաբանութեան մէջ։

«Կ’ողջունենք հայ եւ ատրպէյճանցի զինուորները ազատ արձակելու համաձայնութիւնը Պաքուի ու Երեւանի միջեւ։ Ռուսաստանը հետեւողականորէն յառաջ մղած է կալանաւորուած անձերու «բոլորը բոլորի դիմաց» փոխանակելու սկզբունքը։ Այդ կը նպաստէ փոխադարձ վստահութեան ամրապնդման եւ նոր հնարաւորութիւններ կը բանայ յառաջ մղելու հայ-ատրպէյճանական բնականոնացման գործընթացը՝ համահունչ Ռուսաստանի, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու 2020-2022 թուականներու համապարփակ եռակողմ համաձայնություններուն»,  ըսած է Զախարովան՝ կրկին յիշատակելով եռակողմ յայտարարութիւնները, որոնց կէտերը կոպտօրէն խախտուած են, ինչ որ, սակայն, Մոսկուան կ’անտեսէ։

«Պատրաստ ենք հետագային եւս հնարաւորինս աջակցութիւն ցուցաբերելու ճանապարհային կապուղիներու ապաշրջափակման, սահմանի սահմանազատման, խաղաղութեան համաձայնագիր կնքելու եւ քաղաքացիական հասարակութեան շփումներու հարցերուն մէջ»,  ըսած է Ռուսիոյ Արտաքին Գործերու Նախարարութեան խօսնակը։

Ռուսաստանի ԱԳՆ-ն նաեւ ողջունած է Երեւանի որոշումը՝ որպէս բարի կամքի դրսեւորում յօգուտ Ատրպէյճանի հրաժարիլ Կլիմայի փոփոխութեան ՄԱԿ-ի պայմանադրութեան համաժողովը իր մօտ անցընելու թեկնածութենէն, ինչպէս նաեւ Պաքուի յայտարարութիւնը, որ կը պաշտպանէ Հայաստանի թեկնածութիւնը այդ կառոյցի բիւրոյին անդամակցելու համար։ Ըստ Զախարովայի՝ այս համաձայնութեան հասնելու նպատակով ռուսական կողմը Պաքուի ու Երեւանի հետ շփումներ ունեցած է։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment