Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀՀ Կառավարութիւնը Պիտի Շարունակէ Աշխատանքներ Տանիլ Բոլոր Գերիներու Եւ Ատրպէյճանի Մէջ Պահուող Անձերու Վերադարձին Ուղղութեամբ. Խանդանեան

ՀՀ Կառավարութիւնը Պիտի Շարունակէ Աշխատանքներ Տանիլ Բոլոր Գերիներու Եւ Ատրպէյճանի Մէջ Պահուող Անձերու Վերադարձին Ուղղութեամբ. Խանդանեան

by MassisPost

ՀՀ Ազգային Ժողովի Արտաքին յարաբերութիւններու հարցերով մշտական յանձնաժողովի նախագահ Սարգիս Խանդանեանը լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին անդրադարձաւ ՀՀ վարչապետի աշխատակազմին եւ Ատրպէյճանի նախագահի վարչակազմին միջեւ տեղի ունեցած բանակցութիւններուն, որուն արդիւնքով հրապարակուեցաւ յայտարարութիւն Հայաստան 32 գերիներու վերադարձի եւ Ատրպէյճան երկուքի վերադարձին մասին:

Լրագրողներու հարցումին, թէ յայտարարուած է 32 գերիներու վերադարձի մասին, սակայն իրաւապաշտպանները կը յայտարարեն 80 թիւի մասին, Սարգիս Խանդանեան պատասխանեց. «Սա գործընթացի մի մասն է, եւ որոշակի արդիւնք կայ այս գործընթացում: Հայաստանի կառավարութիւնը շարունակելու է աշխատանքներ տանել թէ՛ դիւանագիտական ճանապարհով, թէ՛ իրաւական դիւանագիտութեան ճանապարհով, որպէսզի բոլոր գերիները եւ այլ պահուող անձինք, որոնք կը շարունակեն մնալ Ատրպէյճանում, նմանատիպ գործընթացի արդիւնքում վերադարձուեն»:

Սարգիս Խանդանեան նշեց, որ ինք որեւէ տեղեկատուութեան չի տիրապետեր Արցախի նախկին նախագահներու վերադարձին առնչութեամբ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment