Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Իրանը Պատրաստ Է Հայկական Ընկերութիւններուն Ապահովել Բարենպաստ Պայմաններ՝ Իր Նաւահանգիստներէն Օգտուելու Համար․ Տնտեսութեան Նախարարութիւն

Իրանը Պատրաստ Է Հայկական Ընկերութիւններուն Ապահովել Բարենպաստ Պայմաններ՝ Իր Նաւահանգիստներէն Օգտուելու Համար․ Տնտեսութեան Նախարարութիւն

by MassisPost

ՀՀ Տնտեսութեան Նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն տարածած է, որուն մէջ նշուած է, որ տնտեսութեան նախարարի տեղակալ Նարեկ Տէրեանը Թեհրան կատարած այցի ընթացքին հանդիպած է Իրանի ճանապարհներբւ եւ քաղաքաշինութեան նախարարի տեղակալ, Իրանի նաւահանգիստներու եւ ծովագնացութեան կազմակերպութեան գործադիր տնօրէն Ալի Աքպար Սաֆայիի հետ։ Հանդիպման ներկայ եղած է նաեւ Իրանի մէջ ՀՀ առեւտրական կցորդ Վարդան Կոստանեանը։

Քննարկուած են հայ-իրանեան յարաբերութիւնները, մասնաւորապէս՝ երկու երկիրներուն միջեւ բեռանափոխադրումներու իրականացման վերաբերող հարցեր։

Երկուստեք ընդգծուած է, որ Հայաստանը կրնայ Իրանի համար տարանցիկ երկիր դառնալ դէպի ԵԱՏՄ եւ եւրոպական երկրներ, իսկ Իրանը Հայաստանի համար՝ դէպի Պարսից ծոցի եւ Միջին Ասիոյ երկիրներ ու Հնդկաստան։

Իրանեան կողմը պատրաստակամութիւն յայտնած է հայկական ընկերութիւններուն ապահովել բարենպաստ պայմաններ իրանեան նաւահանգիստներէն օգտուելու համար։

Հանդիպման բերումով պայմանաւորուածութիւն ձեռքբերուած է ստորագրել ոլորտային համագործակցութեան յուշագիր, որ թոյլ պիտի տայ հայկական կողմին օգտուիլ իրանեան նաւահանգիստներէն»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment