Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՄԻԵԴ-ը ՍԴ Նախկին 3 Դատաւորներու Եւ Սահմանադրական Դատարանի Նախկին Նախագահին Գանգատները Ճանչցած Է Անընդունելի

ՄԻԵԴ-ը ՍԴ Նախկին 3 Դատաւորներու Եւ Սահմանադրական Դատարանի Նախկին Նախագահին Գանգատները Ճանչցած Է Անընդունելի

by MassisPost

Դեկտեմբեր 7-ին Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանը հրապարակած է «Կիւլումեանը եւ այլք ընդդէմ Հայաստանի» թիւ 25240/20 գործով որոշումը։ Եւրոպական դատարանը Սահմանադրական դատարանի նախկին երեք դատաւորներու եւ Սահմանադրական դատարանի նախկին նախագահին գանգատները ճանչցած է անընդունելի:

Ներկայացուած գանգատները կը վերաբերէին Սահմանադրական դատարանի նախկին երեք դատաւորներ Ա․Կիւլումյանի, Յ․ Նազարեանի, Ֆ․ Թոխեանի եւ Սահմանադրական դատարանի նախկին նախագահ Հ․ Թովմասեանի՝ «Մարդու իրաւունքներու եւ հիմնարար ազատութիւններու պաշտպանութեան մասին» եւրոպական պայմանադրութեան 6-րդ յօդուածի 1-ին մասի (արդար դատաքննութեան իրաւունք), 8-րդ (անձնական եւ ընտանեկան կեանքը յարգելու իրաւունք), 14-րդ (խտրականութեան արգելք) եւ 18-րդ (իրաւունքներու նկատմամբ սահմանափակումներու կիրառման սահմանները) յօդուածներով երաշխաւորուած իրաւունքներու խախտումներուն։ Մասնաւորապէս դիմումատուները բողոքած են, որ զրկուած եղած են իրենց պաշտօններու վաղաժամկէտ դադրեցումը ներպետական մակարդակով վիճարկելու հնարաւորութենէն, եւ այդ դադրեցումը եղած է կամայական։ Դիմումատուներու գանգատներու վերաբերեալ ՀՀ կառավարութիւնը ներկայացուցած էր իր առարկութիւնները՝ պնդելով, որ գանգատը անընդունելի է եւ տեղի չէ ունեցած դիմումատուներու իրաւունքներու որեւէ խախտում:

Եւրոպական դատարանը իր որոշմամբ արձանագրած է, որ ներկայացուած գանգատներուն մէջ բարձրացուած պահանջները Պայմանադրութեան տեսանկիւնէն անընդունելի են ratione materiae՝ Պայմանադրութեան կողմէ պաշտպանութեան ենթակայ իրաւունքի բացակայութեան հիմքով:

Եւրոպական դատարանին որոշումը վերջնական է եւ ենթակայ չէ բողոքարկման:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment