Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հոկտեմբեր 27-ի Գործով՝ 2022-2023 Թուականներու Ընթացքին Կատարուած Քննչական Եւ Դատավարական Գործողութիւններուն Մասին

Հոկտեմբեր 27-ի Գործով՝ 2022-2023 Թուականներու Ընթացքին Կատարուած Քննչական Եւ Դատավարական Գործողութիւններուն Մասին

by MassisPost

1999 թուականի Հոկտեմբեր 27-ին Նաիրի Յունանեանի եւ միւսներուն կողմէ ահաբեկչական արարք կատարելու դէպքին առթիւ յարուցուած քրէական գործով (վարոյթով) յանցաւոր գործողութիւններուն հնարաւոր այլ մասնակիցներու, զանոնք կանխելու հնարաւորութիւն ու պարտականութիւն ունեցած այլ պաշտօնատար անձերու, օգտագործուած զէնքերու եւ ռազմամթերքի հետ առնչութիւն ունեցած անձեր պարզելու նպատակով՝ 2022-2023 թուականներու ընթացքին հարցաքննուած կամ յաւելեալ հարցաքննուած են քանի մը տասնեակ անձեր:

Վարոյթը իրականացնող մարմինին կողմէ կայացուած որոշումներու հիման վրայ առգրաւուած են բազմաթիւ պաշտօնատար անձերու անձնական գործեր, ինչպէս նաեւ դէպքին վերաբերեալ հետաքրքրութիւն ներկայացնող քրէական վարոյթներ, որոնք կը գտնուին ուսումնասիրութեան փուլին մէջ:

Նախաքննութեան ընթացքին առգրաւուած են գործին համար նշանակութիւն ունեցող բազմաթիւ տեսագրութիւններ եւ ձայնագրութիւններ, անոնցմով նշանակուած են փորձաքննութիւններ, որոնք կը գտնուին կատարման փուլին մէջ:

Ստացուած են դիմումներ եւ անոնց կից փաստաթուղթեր, որոնց շուրջ հարցաքննուած են դիմումատուները, զննուած են ներկայացուած փաստաթուղթերը:

Նախաքննությեան ընթացքին ձեռք բերուած փաստական տուեալներու հիման վրայ՝ դէպքին ամբողջական հանգամանքները պարզելու նպատակով յառաջ քաշուած են շարք մը քննչական վարկածներ եւ զանոնք ստուգելու նպատակով կազմուած է քննութեան ծրագիր:

1999 թուականի Հոկտեմբեր 27-ին ՀՀ Ազգային Ժողովին մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական արարքին հանգամանքները պարզելու, ինչպէս նաեւ գործին բազմակողմանի, լրիւ եւ առարկայական քննութիւնը ապահովելու նպատակով կը կատարուին վարութային եւ ապացուցողական գործողութիւններ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment