Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հնդկաստանը Կը Քննարկէ Հայաստանին Սպառազինութեան Նոր Խմբաքանակ Մատակարարելու Հարցը

Հնդկաստանը Կը Քննարկէ Հայաստանին Սպառազինութեան Նոր Խմբաքանակ Մատակարարելու Հարցը

by MassisPost

Հնդկաստանը կը դիտարկէ Հայաստանին սպառազինութեան նոր խմբաքանակ մատակարարելու հնարաւորութիւնը։ Այս մասին գրած է «The Economic Times» պարբերականը։

«Հնդկաստանը կը մտածէ Հարաւային Կովկասի մէջ իր ռազմավարական դաշնակիցին՝ Հայաստանին սպառազինութեան նոր խմբաքանակ մատակարարելու մասին՝ անցեալ տարուան ընթացքին սպառազինութեան առաջին խմբաքանակի յաջող մատակարարումէն յետոյ», գրած է պարբերականը։

Կը նշուի, որ վերջերս Հայաստանէն բարձրաստիճան պաշտօնեայ ժամանած է Նիւ Տելհի եւ քննարկումներ ունեցած է այս առնչութեամբ։ Պարբերականը կ’ընդգծէ, որ Հնդկաստանը դարձած է զէնքի վստահելի մատակարար Հայաստանի համար։

Նոր մատակարարումներու մասին մանրամասնութիւններ առայժմ չկան, սակայն, ինչպէս կը նշէ պարբերականը, հայ դիտորդները, որոնք փափաքած են անանուն մնալ, ըսած են, որ  խմբաքանակը կրնայ ներառել սարքաւորումներ, որոնք զսպող միջոց պիտի հանդիսանան Ատրպէյճանի հետ հակամարտութեան իրավիճակին մէջ։

Հնդկաստանի կողմէ Հայաստանին մատակարարուած սպառազինութեան վերջին խմբաքանակը ներառած է «Pinaka» տեսակի բազմափողանի հրթիռային կայաններ, հակահրասայլային միջոցներ, հրթիռներ եւ այլ զինամթերք։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment