Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ ՄԱԿ ԱԽ Հրատապ Նիստին Արձանագրուեցաւ, Որ Միջազգային Գործընկերները Յստակօրէն Կը Գիտակցին ԼՂ-ի Մէջ Ծանրագոյն Մարդասիրական Իրավիճակին Փաստն Ու Անոր Հասցէագրման Կարեւորութիւնը․ ՀՀ ԱԳՆ

ՄԱԿ ԱԽ Հրատապ Նիստին Արձանագրուեցաւ, Որ Միջազգային Գործընկերները Յստակօրէն Կը Գիտակցին ԼՂ-ի Մէջ Ծանրագոյն Մարդասիրական Իրավիճակին Փաստն Ու Անոր Հասցէագրման Կարեւորութիւնը․ ՀՀ ԱԳՆ

by MassisPost

Օգոստոս 16-ին Հայաստանի Հանրապետութեան պահանջով հրաւիրուած ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդի հրատապ նիստի ընթացքին եւս մէկ անգամ արձանագրուեցաւ, որ միջազգային գործընկերները, չնայած Ատրպէյճանի կողմէ իրականացուող կեղծ քարոզչութեան, յստակօրէն կը գիտակցին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ծանրագոյն մարդասիրական իրավիճակին փաստն ու անոր հասցէագրման կարեւորութիւնը։ Այս՝ ՄԱԿ-ի ԱԽ ձեւաչափով արդէն երկրորդ քննարկման ժամանակ հնչած գնահատականներն ու Ատրպէյճանին ուղղուած հասցէական ուղերձները ըստ էութեան կը լրացնէին մինչ օրս տարբեր կառավարութիւններու, միջազգային կառոյցներու, իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններու կողմէ արտայայտուած յստակ դիրքորոշումները։ Այդ մասին կը յայտնեն ՀՀ Արտաքին Գործերու Նախարարութնէն:

«Յատկանշական էին անդամ պետութիւնների եւ ԵՄ ներկայացուցչի ելոյթներն առ այն, որ Ատրպէյճանը պարտաւոր է վերացնել Լաչինի միջանցքի ապօրինի արգելափակումը՝ համաձայն 2020 թ. Նոյեմբերի 9-ի եռակողմ յայտարարութեան եւ ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանի Փետրուար 22-ի եւ Յուլիսի 6-ի՝ իրաւական պարտադիր ուժ ունեցող որոշումների։ Աներկբայօրէն ընդգծուեց, որ արդէն ութ ամսից աւելի շարունակուող շրջափակման հետեւանքով ԼՂ բնակչութեան համար ստեղծուած ծանր մարդասիրական իրավիճակը պէտք է վերացուի։

«Ակնյայտ է, որ Ատրպէյճանը շարունակում է խեղաթիւրել միջազգային հանրութեան կոչերը, կեղծ եւ իրականութեանը չհամապատասխանող պատրուակներ փնտռել` չիրականացնելու իր պարտաւորութիւնները եւ, երկարաձգելով մարդասիրական ճգնաժամը, ներառեալ սովամահութեան միջոցով ցեղային զտումների ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի բնիկ ժողովրդին։ Աւելին, Ատրպէյճանը փորձում է շահարկել միջազգային դերակատարների ցանկացած «հաւասարակշիռ» մօտեցում՝ այն մեկնաբանելով որպէս իր որդեգրած քաղաքականութեան շարունակման թողտուութիւն:

«Ընդգծում ենք ԼՂ-ում մարդասիրական ճգնաժամի վերացման ուղղութեամբ առկայ միջազգային ողջ գործիքակազմի օգտագործման եւ Լաչինի միջանցքով երկու ուղղութիւններով անխափան տեղաշարժի վերականգնման եւ ԼՂ միջազգային մարդասիրական կազմակերպութիւնների անարգել մուտքի ապահովման հրատապութիւնը:

«ՀՀ Արտաքին Գործերի Նախարարութիւնը, բարձր գնահատելով միջազգային անվտանգութեանը եւ խաղաղութեանը նպաստելու իրենց մանտաթին հաւատարիմ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհրդի անդամ պետութիւնների սկզբունքային եւ արդար դիրքորոշումները, շարունակելու է աշխատանքները տարբեր հարթակներում, այդ թւում՝ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհրդում, հետեւողական քայլերի գործադրմամբ Լաչինի միջանցքի ապաշրջափակման եւ Լեռնային Ղարաբաղում մարդասիրական ճգնաժամի յաղթահարման ուղղութեամբ», ըսուած  է ԱԳՆ յայտարարութեան մէջ:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment