Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նախագահ Պայտընէն Կ’ակնկալուի Աւելի Ազդու Քայլեր

Նախագահ Պայտընէն Կ’ակնկալուի Աւելի Ազդու Քայլեր

by MassisPost

Ամերիկեան Գոնկրէսի անդամ Ատամ Շիֆ նամակով մը դիմած է Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Ճօ Պայտընին, որպէսզի ան անձնապէս կապուի Ատրպէյճանի իր պաշտօնակից Ալիեւի հետ եւ նախազգուշացնէ անոր Լեռնային Ղարաբաղի շրջափակման հետեւանքներուն մասին` ներառեալ պատժամիջոցները եւ ամերիկեան օգնութեան դադրեցումը:

«Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութիւնը անյապաղ օգնութեան կարիք ունի, ներառեալ քաղաքացիներու ամենախոցելի խումբերը` յղի կանայք, երեխաները եւ ծերերը: Դեղորայք ու մանկական սնունդ գրեթէ չէ մնացած, իսկ իշխանութիւնները յայտարարած են թերսնման եւ դեղերու բացակայութեան պատճառով հիւանդացութեան եւ մահացութեան յաճախակիացման մասին: Յղիներուն մօտ արեան երկիրներու տկարութեան դէպքերը հասած են 90%-ի, իսկ սովէն ուշագնացութեան դէպքերը մշտապէս կ’արձանագրուին: Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը բախած է սովի իրական սպառնալիքին` Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի ծրագրին համապատասխան», գրած է Շիֆ:

Մօտ 9 ամիսներէ ի վեր Արցախի 120 հազար Հայութիւնը կը գտնուի մնայուն շրջափակման մէջ: Այս ընթացքին այլազան  երկիրներու եւ կազմակերպութիւններու յորդորներն ու կոչերը, ինչպէս նաեւ Միջազգային դատարանի պարտադիր որոշումները անտեսուեցան Ատրպէյճանի կողմէ: Միացեալ Նահանգներու  Պետական Քարտուղար Էնթոնի Պլինքընի կոչերն ու Ալիեւի հետ ունեցած շարք մը հեռաձայնային խօսակցութիւնները եւս մնացին ապարդիւն: Պլինքինի նախաձեռնած Երեւան-Պաքու Ուաշինկթընեան բանակցութիւնները եւս մատնուեցան  ձախողութեան, քանի Ատրպէյճան կը մերժէ  Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի իրաւունքներու ճանաչումը:

Շրջափակման երկար ամիսներու ընթացքին Սպիտակ Տունը եւ Նախագահ Պայտըն անձնապէս հրապարակային ոչ մէկ խօսք ըսին Արցախահայութեան վիճակի մասին: Նոյնիսկ Նախագահի Ապրիլ 24-եան պատգամին մէջ ակնարկութիւն չկար Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տիրող իրավիճակի մասին: Նախագահ Պայտըն իր պաշտօնի գալէն ասդին երկու տարի յաջորդաբար կազմակերպեց Ժողովրդավարութեան Գագաթաժողով, որուն հրաւիրուած էր Հայաստանը, սակայն Ատրպէյճանը ո’չ: Նման հանդիպումներուն Հայաստանի մասնակցութիւնը պէտք էր արժանանար գործնական աջակցութեան, այլապէս ժողովրդավարութեան գագաթաժողովները պիտի դառնան գեղեցիկ խօսքեր արտասանելու ամպիոն, որուն ետին չկան գործնական քայլեր` ժողովրդավարութիւնը պաշտպանելու համար: Ինքզինք  ազատութիւններու եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպան նկատող Ամերիկայի նախագահի այս լռութիւնը ոչ մէկ ձեւով արդարանալի է, չըսելու համար դատապարտելի:  Ատրպէյճանը, որ միջազգային բոլոր չափանիշերով կը նկատուի բռնապետական երկիր եւ որուն բնակչութիւնը զրկուած է ամէն տեսակի ազատութիւններէ, կը փորձէ Լեռնային Ղարաբաղը ենթարկել իրեն ու այդ նպատակին հասնելու համար կը դիմէ անմարդկային քայլերու, ներառեալ ցեղասպանական միջոցներու, իսկ աշխարհի ամենէն հզօր ու ազդեցիկ երկիրի նախագահը  կը զլանայ իր դատապարտումի խօսքը ըսելէ:

«Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին բանաձեւ ընդունելով` Միացեալ Նահանգները յայտարարած է «Այլեւս երբեք», բայց հիմա Ղարաբաղի ժողովուրդը կանգնած է ցեղային զտումներու իրական սպառնալիքի առջեւ: Պարոն նախագահ, դուք արդարադատութեան կողմնակից էիք, հանդէս եկաք ճշմարտութեան օգտին, այժմ եկած է ժամանակը այդ յայտարարութիւնները արտայայտելու գործով եւ կանխելու հայերու նոր ցեղասպանութիւնը», գրած է գոնկրէսական Շիֆ:

Համոզուած ենք որ, Ամերիկայի Նախագահը օգտագործելով այս երկրի ամբողջ հեղինակութիւնը եւ անձնապէս բացատրելով Հէյտար Ալիեւին իր վարած քաղաքականութեան հետեւանքներու մասին, որոնցմէ ամենէն կարեւորը տնտեսական պատժամիջոցներու սպառնալիքն է, Պաքուի ստիպուած պիտի ըլլայ նկատի առնելու այդ բոլորը ու ետ քայլ կատարելով պարտաւորուի վերականգնելու Լաչինի միջանցքով ազատ տեղաշարժը:

Ամերիկահայութիւնը կը սպասէ Նախագահ  Պայտընի պատասխանին:

Գ. ԽՈՏԱՆԵԱՆ
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment