Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ֆրանսացի Քաղաքական Առաջնորդները Մաքրոնին Կոչ Կ’ընեն Երաշխաւորելու Հայերուն Անվտանգութիւնը Արցախի Եւ Հայաստանի Մէջ

Ֆրանսացի Քաղաքական Առաջնորդները Մաքրոնին Կոչ Կ’ընեն Երաշխաւորելու Հայերուն Անվտանգութիւնը Արցախի Եւ Հայաստանի Մէջ

by MassisPost

«Էմանուէլ Մաքրոնը պէտք է ամէն ինչ ընէ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ հայերուն անվտանգութիւնը երաշխաւորելու համար». ֆրանսացի աւելի քան մէկ տասնեակ քաղաքական առաջնորդներ` ինչպէս ձախակողմեան, այնպէս ալ աջակողմեան ճամբարէն, համատեղ նամակ հրապարակած են «Le Monde» օրաթերթին մէջ` նախագահ Մաքրոնին կոչ ընելով անյապաղ միջամտելու Հայաստանի եւ Արցախի շուրջ գործընթացներուն` «կանխելու անուղղելին»:

Ֆրանսայի խորհրդարանի երկու պալատներու ներկայացուցիչները համատեղ նամակի մէջ կը նկարագրեն Ատրպէյճանի կողմէ շրջափակման մէջ յայտնուած Արցախի մէջ տիրող իրավիճակը` մարդասիրական մեծ աղէտի վտանգ, 120 հազար մարդ, այդ շարքին` 30 հազար երեխայ, զրկուած է կենսական պաշարներէն` ներառեալ սնունդ եւ բժշկական անհրաժեշտ միջոցներ:

Նամակին հեղինակները կը շեշտեն, որ ստեղծուած իրավիճակը 2020 թուականէն ի վեր հայերու, ընդ որում` ինչպէս Արցախի մէջ ապրող, այնպէս ալ Հայաստանի քաղաքացիներու դէմ Ատրպէյճանի յարձակումներու սրման նոր փուլի սկիզբն է, եւ Պաքուի գործողութիւնները իրենց հիմք կու տան ենթադրելու, որ Ատրպէյճանը կանգ պիտի չառնէ,  որեւէ առիթ պիտի օգտագործէ` հալածելու հայերը ցեղային զտման նպատակով:

Թուարկելով հայերու դէմ Պաքուի գործողութիւնները` պատերազմական յանցագործութիւնները, Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի բռնագրաւումը, ցեղային ատելութեան քարոզը, մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը, խաղաղ բնակչութեան դէմ կրկնուող յանցագործութիւնները, ֆրանսացի օրէնսդիրները կը նկատեն, որ որեւէ այլ հանգամանքներու մէջ Ֆրանսան կը միջամտէր:

Քաղաքական սկզբունքային տարաձայնութիւններ ունեցող օրէնդիրները կը շեշտեն, որ նոյնիսկ իրենք մէկ կողմ դրած են իրենց քաղաքական մրցակցութիւնը, երբ գործը Հայաստանին եւ Արցախին աջակցութիւն յայտնելուն հասած էր, բայց եւ կը խոստովանին, որ Ֆրանսան իր այդ ճիչը հնչեցուց աւելի քան մէկ դար ուշացումով: Մինչդեռ ֆրանսացի յայտնի քաղաքական գործիչ եւ մտաւորական Ժան Ժորեսը 1896 թուականին կոչ կ’ընէր փրկելու հայերը` Ֆրանսան մեղադրելով «թափուած արեան, անմարդկային եւ վայրագ արարքներուն» «լուռ, հետեւաբար` մեղսակից» ըլլալու համար:

«Արիասիրտ փոքրիկ դաշնակից» Հայաստանի եւ Արցախի շուրջ ստեղծուած իրավիճակին մէջ ֆրանսական առաջատար քաղաքական ուժերու առաջնորդները Էլիզէի պալատի ղեկավարին շարք մը քայլեր կը յուշեն` դատապարտել Ատրպէյճանը միջազգային իրաւունքի դրոյթներու խախտման, Հայաստանի տարածքի բռնագրաւման, պատերազմական ոճրագործութիւններու համար, Արցախի մէջ նախատեսել մարդասիրական ներկայութիւն, Հայաստանին ցուցաբերել անյապաղ տնտեսական օգնութիւն, հանդիպիլ Արցախի ներկայացուցիչներուն, նաեւ Եւրոմիութեան եւ Միացեալ Նահանգներու գործընկերները համոզել ձեռնարկելու նոյն քայլերը եւ միասին Ատրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներ սահմանելու:

Ֆրանսացի օրէնսդիրները նաեւ կը յորդորեն երկրի նախագահին աշխատիլ Ստեփանակերտի օդակայանի գործարկման եւ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդին կողմէ միջազգային խաղաղապահ զօրախումբ ուղարկելու ուղղութեամբ:

Ֆրանսայի Օրէնսդիր Մարմինի ներկայացուցիչները համոզուած են, որ Էմանուէլ Մաքրոնը կրնայ կանխել պատմութեան կրկնութիւնը եւ ապացուցել, որ Ֆրանսան ազատ է եւ կրնայ ձերբազատուիլ քաղաքական կամ տնտեսական կարճատես ռազմավարութիւններէն` յանուն իր մարդասիրական իտէալներու պաշտպանութեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment