Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պայտըն Ծերակոյտի Հաստատման Ներկայացուցած Է Հայաստանի Մէջ ԱՄՆ Նոր Դեսպանին Թեկնածութիւնը

Պայտըն Ծերակոյտի Հաստատման Ներկայացուցած Է Հայաստանի Մէջ ԱՄՆ Նոր Դեսպանին Թեկնածութիւնը

by MassisPost

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Հայաստանի մէջ նոր դեսպանի պաշտօնին համար Ծերակոյտին ներկայացուցած է Ուքրանիոյ մէջ ԱՄՆ գործերու նախկին հաւատարմատար Քրիսթինա Քուիենի թեկնածութիւնը: Այս մասին կը յայտնէ Սպիտակ տան մամուլի ծառայութիւնը:

Ծերակոյտի համապատասխան յանձնաժողովը պէտք է լսումներու օր նշանակէ, որուն ժամանակ Քուիենը կը պատասխանէ օրէնսդիրներու հարցերուն: Անկէ որոշ ժամանակ անց Վերին Պալատին մէջ քուէարկութիւն տեղի պիտի ունենայ` հաստատելու անոր թեկնածութիւնը Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպանի պաշտօնին:

Քրիսթինա Քուիենը 2019 թուականէն Ուքրանիոյ ԱՄՆ դեսպանի պաշտօնակատարն էր: 2016 թուականէն մինչեւ 2019 թուականի Ապրիլը ան զբաղեցուցած է Փարիզի մէջ ԱՄՆ-ի փոխդեսպանի պաշտօնակատարի, դեսպանատան տնտեսական հարցերով խորհրդականի պաշտօնները:

Դիւանագիտական ծառայութեան ընթացքին տարբեր պաշտօններ զբաղեցուցած է Թայլանտի, Բրիտանիոյ, Եւրոպական Միութեան, Ռուսիոյ եւ Ֆիլիփիններու մէջ ԱՄՆ դիւանագիտական առաքելութիւններուն մէջ: Քուիենը եղած է նաեւ ԱՄՆ Ազգային Անվտանգութեան Խորհուրդի ԵՄ, Ուքրանիոյ եւ Պելառուսիոյ հարցերով տնօրէն:

Գալիֆորնիա ծնած դիւանագէտը ունի քաղաքագիտութեան պսակաւոր արուեստից աստիճան եւ ռազմավարական հետազօտութիւններու մագիստրոսի աստիճան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment