Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայկական Կողմի Պատասխան Գործողութիւններով Ատրպէյճանական Ստորաբաժանումներու Կրակը Լռեցուած Է․ ՊՆ

Հայկական Կողմի Պատասխան Գործողութիւններով Ատրպէյճանական Ստորաբաժանումներու Կրակը Լռեցուած Է․ ՊՆ

by MassisPost

Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը հերթական անգամ ապատեղեկատուութիւն տարածած է, յայտարարելով, թէ իբր Յուլիս 11-ի երեկոյեան ՀՀ Զինուած Ուժերու ստորաբաժանումները կրակ բացած են հայ-ատրպէյճանական սահմանի արեւելեան հատուածին մէջ տեղակայուած ատրպէյճանական դիրքերուն ուղղութեամբ:

Աւելին` նոյն ժամանակահատուածին ատրպէյճանական Զինուած Ուժերու ստորաբաժանումները տարբեր, այդ շարքին նաեւ մեծ տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ կրակ բացած են հայ-ատրպէյճանական սահմանի արեւմտեան հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական մարտական դիրքերու ուղղութեամբ: Հայկական կողմի պատասխան գործողութիւններով ատրպէյճանական ստորաբաժանումներու կրակը լռեցուած է, տեղեկացուած են ՀՀ Պաշտպանութեահն Նախարարութենէն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment