Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Հայ-Ամերիկեան Թանգարանի Հիմնաքարի Զետեղման Համագաղութային Միջոցառում

Հայ-Ամերիկեան Թանգարանի Հիմնաքարի Զետեղման Համագաղութային Միջոցառում

by MassisPost

Հարաւային Գալիֆորնիոյ եւ յատկապէս Կլենտէյլի բնակչութեան համար, պատմական օր մը հանդիսացաւ Հայ Ամերիեան Թանգարանի եւ Մշակութային Կեդրոնի իմնարքարի զետեղումը:

Արդարեւ անցեալ Հինգշաբթի 17 Փելտրուարի, 2022 առաւօտեան ժամը 11:30ին, տեղի ունեցաւ այս կոթողային կառոյցի հիմնարքարի զետեղման պաշտօնական արարողութիւնը:

Շինութեան վայրի մօտ տեղի ունեցաւ յատուկ միջոցառում մը, մասնակցութեամբ հայ գաղութի տարբեր կազմակերպութեանց ղեկավարութեան:

aam-2

Այս միջոցառումին հանդիսավար Հայ Ամերիկեան Թանգարանի հոգաբարձուներու Խորհուրդի գործադիր տնօրէն Շանթ Սահակեանի բարի գալուստի ջերմ խօսքերէն ետք յաջորդաբար ելոյթներով հանդէս եկան Հոգաբարձութեան համանախագահներ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, Գերշ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան, Գերպ. Միքայէլ Եպս. Մուրատեան եւ Վերպ. Հենրիկ Շահնազարեան: Բոլորն ալ իրենց ուրախութիւնը յայտնեցին որ մեծ թափով գործի լծուած են թանգարանի շինութեան պատասխանատուները եւ բարի երթ մաղթեցին այս պամա-մշակութային մեծ ծրագրի որագործումին:

Իր ելոյթին մէջ Հայաստանի աւագ հիւպատոս եւ դեսպան Դոկտ. Արմէն Բայբուրդեան ջերմօրէն ողջունեց Հայ-Ամերիկեան Թանգարանի եւ մշակութային կեդրոնի իրականացման աշխատանքները: Արդարեւ նախաձեռնութիւն մըն է որ մեծապէս պիտի սատարէր գալիք նորահաս սերուդներուն, որպէս զի անոնք մօտէն հետեւին մեզի փոխանցուած պատմա-մշակութային հարուստ ժառանգութեան:

aam-3

Այս առթիւ ելոյթներ ունեցան նաեւ Կլնլտէյլի քաղաքապետուհի Տիկ. Փոլա Տիվայն եւ Գալիֆորնիոյ Խորհրդարանի անդամ Էտվին Նազարեան եւ իրենց զօրակցութիւնն ու խրախուսանքը յայտնեցին այս մեծ նախաձեռնութեան իրականցման: Նշենք որ Փետրուարի 16ին շինութեան վայր այցելած էր նաեւ ԱՄՆ-ի գոնկրէսի անդամ Էտըմ Շիֆ եւ տեղւոյն վրայ շրջապտոյտ մը կատարելով մօտէն ծանօթացած էր շինարարակաան աշխատանքերու գործընթացին:

Հոգաբարձական Մարմնի գործադիր նախագահª Պերճ Կարապետեան, շնորհակալութիւն յայտնեց խօսք առնողներուն, նուիրատուներուն, կազմակերպութիւններուն եւ բոլոր այն հաստատութիւններուն, որոնք իրենց լիաբուռն նուիրատւութիւններով սատար կը հանդիսանան այս մեծ ծրագրի իրագործումին, որուն բացումը կը նախատեսուի 2024 թուականին:

aam-4

Այնուհետեւ թանգարանի շինութեան սիւներէն մէկուն քով պեթոնապատ փոսին մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդանշական հիմնաքարի եւ 2014ին կայացած առաջին ժողովի ատենագրութիւնը (թանգարանի կառուցման շուրջ) պարունակող տուփիկի զետեղոումը:

Սոյն պատմական իրադրութիւնն իր աւարտին հասաւ ներկայ հոգեւորականներու «Տէրունական» աղօթքով:

Բարի երթ շինարարական այժմու աշխատանքներուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment