Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մուտք Կը Գործուի Վտանգաւոր Տարածքներ

Մուտք Կը Գործուի Վտանգաւոր Տարածքներ

by MassisPost

Վեցշաբաթեայ պատերազմի հետեւանքները կը շարունակեն ալեկոծել հայութեան միտքը, հոգին, ներաշխարհը եւ ամբողջ կեանքը: Դժբախտաբար ներկայ իրավիճակը յանուն քաղաքական ու անձնական նպատակներու շահագործողներու պակաս չկայ այս օրերուն, վտանգելով Հայաստանի ու Արցախի գոյութիւնը եւ ինքնիշխանութիւնը:

Ուշագրաւ երկու երեւոյթներու ականատես կ՛ըլլանք վերջերս. առաջինը Արցախի դէմ տարուող ապատեղեկատուութեան արշաւն է, որուն ստիպուած եղաւ անդրադառնալ նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան: «Մէկը գրում է, թէ իբր բանակն ու արտաքին գործերի նախարարութիւնն ենք կազմալուծելու, միւսը՝ իբր Կարմիր շուկայ-Շուշի ճանապարհից ենք հրաժարուելու, երրորդը՝ իբր ատրպէյճանական դրօշ ենք դնելու Ստեփանակերտում, եւ այլն, եւ այլն: Բոլորն էլ ցնդաբանութիւններ են, եւ պարզապէս բացառւում է, որ Արցախի իշխանութիւնները համաձայնուեն արտաքին ու ներքին թշնամիների բաղձանքներին: Պաշտօնապէս պահանջում եմ բոլորից ձեռք քաշել Արցախի անունը եւ ժողովրդի յոյզերը շահարկելուց», – ըսաւ Արցախի նախագահը:

Արայիկ Յարութիւնեանի յիշատակած օրինակներուն վրայ պէտք է աւելցնել նաեւ վերջերս տարածուած այն տեղեկութիւնը, թէ իբրեւ Արցախ այցելելու ցանկութիւն ունեցող սփիւռքահայերը, արտօնութիւն կամ վիզա ստանալու համար այսուհետեւ պէտք է դիմեն արտասահմանի մէջ գործող Ատրպէյճանի դեսպանատուները: Նման ապատեղեկատուութեանց ետին կանգնող շրջանակներու նպատակը Հայաստանի իշխանութիւններու վարկաբեկումն է, սակայն գիտակցաբար թէ անգիտակցաբար անոնք կը խաղան Արցախի ու անոր ժողովուրդի ճակատագրին հետ, այն պահուն երբ նախապատւութիւնը պէտք է տրուի վիրաւոր Արցախի վէրքերը ամոքելու ու մնացածը փրկելու հրամայականին վրայ:

Երկրորդ վտանգաւոր երեւոյթը պարզուեցաւ երբ հրապարակի վրայ երեւցաւ «Ուժեղ Հայաստան Ռուսաստանի Հետ. Յանուն Նոր Միութեան» նորաստեղծ շարժում մը, որու հիմնադիր համագումարին կը մասնակցէին բաւական յայտնի քաղաքական դէմքեր, որոնք անցեալին զբաղեցուցած են բարձր պաշտօններ: Նախքան այդ, մօտաւորապէս նման դիրքորոշումով հանդէս եկաւ նաեւ Ռոպերթ Քոչարեանը:

Հայաստանի քաղաքական թատերաբեմին վրայ միշտ ալ գտնուած են Ռուսամէտ քաղաքական գործիչներ եւ կուսակցութիւններ: Պատերազմէն ասդին սակայն, մրցավազք մը սկսած է Մոսկուային իրենց ծառայութիւնները առաջարկողներուն միջեւ, յուսալով իրականացնել Քրեմլինի մօտ եղող շրջանակներու աջակցութեամբ իշխանութեան հասնելու հեռանկարը:

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւնը պատմականօրէն եղած է Ռուսաստանի հետ սերտ յարաբերութիւններու կողմնակից: Եօթանասուն տարի մենք կանգնած ենք Խորհրդային Հայաստանի կողքին, անոր մէջ տեսնելով Հայ ժողովուրդի ապահովութեան ու զարգացման երաշխիքը: Սակայն, Խորհրդային Միութեան կազմալուծումէն եւ Հայկական երրորդ Հանրապետութեան գոյառումէն 30 տարիներ ետք, մէկ ուրիշ պետութեան հետ միաւորուելու գաղափարի ջատագովումը կը գտնենք անընդունելի: Ռուսաստանի հետ ունինք դաշնակցային յարաբերութիւններ՝ բազմաթիւ բնագաւառներէ ներս, որոնք պէտք է պահպանուին ու զարգանան յօգուտ երկու երկիրներու շահերուն: Անկէ անդէն երթալը կը նշանակէ հարուածել Հայաստանի ինքնիշանութեան ու անոր ժողովուրդի անկախ ապրելու իրաւունքին:

Քաղաքական տարակարծութիւններն ու իշխանութեան ձգտումը բնական երեւոյթներ են, սակայն մնալով պայքարի ընդունելի սահմաններուն մէջ: Արցախի ներկայ իրավիճակը շահարկելու եւ կամ Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը սակարկելու փորձերը կ՛ինան այդ սահմաններէն դուրս ու մենք կը մտնենք վտանգաւոր ու ականապատ տարածքներ, որոնք կրնան պայթիլ մեր բոլորի ոտքերուն տակ:
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment