Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Կը Հաւատանք Լուռ Մեծամասնութեան Ազգասիրութեան

Կը Հաւատանք Լուռ Մեծամասնութեան Ազգասիրութեան

by MassisPost

der tavitianՅԱՐՈՒԹ ՏԷՐ ԴԱՒԻԹԵԱՆ

Հայաստանի ներքին կեանքին նոյնիսկ պարզ հետեւող մը պիտի նշմարէ յստակ բեկում մը նախա-Յուլիսեան եւ Յուլիսեան շրջաններուն միջեւ:

Նախա-Յուլիսեան շրջանին մամուլի խորագիրները լեցուն էին իշխանութեան հանդէպ կծու եւ յաճախ անտեղի ու չափազանցուած քննադատութիւններով: Իսկ Յուլիսեան ճակատամարտներու շրջանին այս բոլորը յանկարծ մեղմացան:

Պատճառը՝ 12 Յուլիսէն ի վեր Ատրպէյճանի նախաձեռնած յարձակումներն էին Տաւուշի ուղութեամբ: Տրամաբանական երեւոյթ է, որ արտաքին թշնամիի վտանգին դիմաց, բնականօրէն յառաջանայ ներքին թշնամութիւնները մեղմացնելու ու ժամանակաւորապէս մէկդի դնելու գիտակցութիւնը: Երբ արտաքին թշնամին կը սպառնայ մեր հաւաքական կեանքին ու ազատութեան, անհատական ազատութիւնները պէտք է մէկդի դրուին գէթ մինչեւ արտաքին վտանգի չքացումը:

Մէկ կողմէ արտաքին թշնամիին տրուած արժանի պատասխան հարուածը եւ միւս կողմէ ներքին լարուածութեան թեթեւացումը մեզի պարգեւեցին հոգեկան որոշ գոհացում մը: Մենք ունեցանք պարզունակ ցանկութիւն մըն ալ, որ կատարուած իրողութիւնը արդեօ՞ք կրնայ առաջնորդել մտքերու լուսաւորման եւ իրար-հասկացողութեան մթնոլորտի մը գոյացման: Մենք գոհունակութեամբ կարդացինք իշխանամէտ թէ ընդիմադիր շրջանակներու կողմէ եղած յայտարարութիւնները, միասնական ուժերով անվերապահօրէն զօրավիգ կանգնելու բոլորիս պաշտպան հայկական բանակի քաջարի մարտիկներուն: Նոյնիսկ եթէ այս յայտարարութիւնները եղան հրապարակային պահանջարկի ստիպողութեան տակ երես ճերմկցնելու նպատակաւ, կարեւորը այն է, որ եղան:

2018-ի Թաւշեայ յեղափոխութեան իրագործումէն ի վեր, մեր փափաքն ու ակնկալութիւնը եղած է, որ այն չընկալուի լոկ որպէս իշխանափոխութեան իրագործում մը, այլ նաեւ հրահրիչը մտքերու լուսաւորման, բնաւորութիւններու բարելաւման, լայնախոհութեան եւ ազատ, բայց պատասխանատու մտածողութեան: Հաւաքականութիւն մը կը զարգանայ կամ կը փլուզուի, ոչ այնքան արտաքին ուժերու պատճառաւ, որքան ներքին ուժերու կառուցողական կամ քանդիչ գործունէութեամբ:

Մենք կը հաւատանք լուռ մեծամասնութեան բնածին բարութեան եւ ազգասիրութեան: Եւ Թաւշեայ յեղափոխութեան յաջողութիւնը եկաւ ապացուցելու, որ երբ լուռ մեծամասնութիւնը կը բարձրաձայնէ, ապա պէտք է անսալ այդ ձայնին, որովհետեւ անիկա կը մարմնաւորէ այդ ժամանակամիջոցին ժողովուրդի հոգիէն, մտքէն ու սրտէն բխող հարազատ շունչը: Այդ շունչով տոգորուած բարձր մտածողութեան տէր մշակոյթի թէ քաղաքականութեան մարդը, երբ կ’առաջնորդէ այդ մեծամասնութիւնը, ապա այդ հաւաքականութիւնը անպայմանօրէն կը յառաջդիմէ ու կը զարգանայ: Բայց երբ պատեհապաշտ առաջնորդներ կը խլեն այդ դիրքը, ապա փլուզումը անխուսափելի կը դառնայ:

Հայաստանի անկախութիւնէն ի վեր մենք ունեցանք երկիրը առաջնորդող չորս առաջին դէմքեր, յանձինս Լեւոն Տէր Պետրոսեանի, Ռոպերթ Քոչարեանի, Սերժ Սարգսեանի եւ Նիկոլ Փաշինեանի: Մեր համեստ կարծիքով, երբ ապագայ սերունդները ծանօթանան անկախութեան առաջին տասնամեակներու զարգացումներուն, հետեւեալ ընդհանրական պատկերացումը պիտի ունենան.

Լեւոն Տէր Պետրոսեանի իշխանութեան տարիներէն պիտի յատկանշուի Սովետական Միութեան փլուզման աւերակներուն ընդմէջէն Արցախի ազատագրումը:

Ռոպերթ Քոչարեանի եւ Սերժ Սարգսեանի իշխանութեան տարիներէն պիտի յատկանշուին Հոկտեմբեր 27-ն, Հայաստանի վաճառումը օտարին, Մարտ 1-ը եւ Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմը:

Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութեան տարիներէն պիտի յատկանշուին Թաւշեայ յեղափոխութիւնը եւ Յուլիսեան յաղթանակները:

Մեր փափաքն է, որ Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութեան տարիները համալրուին ներքին թէ արտաքին ճակատներու վրայ նորանոր յաղթանակներով եւ ապագայ սերունդները հպարտ զգան, որ 2018-էն ի վեր Հայաստան թեւակոխեց հողահաւաքի եւ հայահաւաքի յարատեւ զարգացման ժամանակաշրջան մը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment