Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թուրքիոյ Կողմէ Ատրպէյճանին Ցուցաբերուող Օժանդակութիւնը Արդիւնք է Ալիեւի Կրած Ձախողութիւններուն. ԱՎ Քարտուղար Արմէն Գրիգորեան

Թուրքիոյ Կողմէ Ատրպէյճանին Ցուցաբերուող Օժանդակութիւնը Արդիւնք է Ալիեւի Կրած Ձախողութիւններուն. ԱՎ Քարտուղար Արմէն Գրիգորեան

by MassisPost

Հայաստանի Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան «Ազատութիւն» ռատիոկայան տրուած հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց որ, այս օրերուն Ատրպէյճանին ցուցաբերուող Թուրքիոյ կողմէ օժանդակութեան պատճառը տաւուշեան մարտերու ժամանակ Իլհամ Ալիեւի վարչակազմի արձանագրած լուրջ ձախողութիւններն են:

«Թուրքիայի, ինչպէս նշեցի, առաւել ակտիւ լինելը կապուած է նաեւ Ատրպէյճանի անյաջողութիւններուն հետ, եւ Թուրքիան տեսնելով, որ Ատրպէյճանն ինքն իր ուժերով չի կարողանում իրավիճակին վերահսկողութիւն տալ կամ վերահսկել իրավիճակը, փորձում է միջամտութիւն ունենալ: Սա, ես կարծում եմ, որ տարածաշրջանի համար լուրջ սպառնալիք է, սա նաեւ մարտահրաւէր է տարածաշրջանային անվտանգութեան ճարտարապետութեանը, որովհետեւ երկար տարիներ տարածաշրջանի անվտանգութեան ճարտարապետութիւնը մի տեսք է ունեցել, հիմա դա փորձում է Թուրքիայի միջամտութեամբ փոխել: Մենք ամբողջովին պատրաստ ենք եւ նաեւ քայլեր ենք ձեռնարկելու. սա հնարաւորինս մինիմալիզացնել (նուազեցնելու Խ.): Մենք նաեւ մեծ աշխատանք ունենք կատարելու այս ուղղութեամբ մեր ռազմավարական դաշնակից Ռուսաստանի հետ, որպէսզի թոյլ չտանք, որ տարածաշրջանում այսպիսի փոփոխութիւններ լինենՙ, – ըսաւ Արմէն Գրիգորեան:

Այն հարցին, որ երբ կը խօսին ռուսական կողմի հետ եւ կը ներկայացնեն թրքական կողմի քայլերը, ին՞չ պատասխան կը ստանան, ԱԽ քարտուղարը ըսած է. «բնականաբար, յուլիսեան դէպքերն էլ համընկել են պանդեմիայի (համաճարակի Խ.) հետ եւ դեռ աւելի լուրջ մակարդակում հնարաւորութիւն չի եղել քննարկելու այս հարցը, բայց օրակարգում են այսպիսի հարցերը, որովհետեւ դրանք տարածաշրջանի համար մարտահրաւէրներ են, եւ այս մարտահրաւէրներին պէտք է կարողանալ ընդհանուր պատասխան տալ»:

Հայաստանի Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղարը վերահաստատեց Փաշինեանի կառավարութեան դիրքորոշումը, թէ Հայաստանի ու Արցախի համար սպառնալիքի պարագային Երեւանը քայլեր կը ձեռնարկէ:

«Մենք պարբերաբար մեր ե՛ւ միջազգային գործընկերներին, ե՛ւ բնականաբար, օրինակ, Ատրպէյճանին բացատրել ենք, որ «մի փորձէք չափել մեր համբերութիւնը, մի փորձէք ռազմական ճանապարհով խնդրին լուծում տալ»: Եթէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը տեսնում է, որ իր անվտանգութեանը սպառնալիքներ կան, քայլեր է ձեռնարկելու եւ քայլեր է ձեռնարկելու, որպէսզի այդ բոլոր սպառնալիքները չէզոքացնի: Հայաստանի Հանրապետութեան ցանկացած քաղաքացու անվտանգութիւն մենք պահելու ենք, պահպանելու ենք եւ չենք թողնելու, որ ինչ-որ քայլեր ձեռնարկեն, որ այդ անվտանգութիւնը նոյնիսկ մէկ միլիմետր իջնի: Ատրպէյճանը պարբերաբար դա չէր հասկանում եւ փորձ էր կատարում մեր համբերութիւնը չափել, եւ այս առումով, կարծում եմ, լաւ դաս եղաւ Ատրպէյճանի համար, որ չփորձի հետ գայ բանակցային գործընթաց, որովհետեւ վարչապետի կողմից առաջարկուած եօթ կէտերը կարծում եմ. շատ արդիւնաւէտ կէտեր են, որպէսզի խաղաղ ճանապարհով մենք փորձենք խնդիրը լուծել, եւ Ատրպէյճանը ճիշդ է յայտարարել է, որ իր համար անընդունելի է, բայց ես կարծում եմ, որ ժամանակի ընթացքում հետ կը գայ այդ եօթ կէտերին, որովհետեւ այլընտրանք այդ եօթ կէտերին չկայ», – ըսաւ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment