Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուած 110 Մարդէն Միայն Երկուքը Թոքաբորբ Ունին . Վարչապետ

Հայաստանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուած 110 Մարդէն Միայն Երկուքը Թոքաբորբ Ունին . Վարչապետ

by MassisPost

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուած 110 մարդէ միայն երկուքը ունի թոքաբորբ, բայց անոնց վիճակը լաւ է, ֆէյսպուքեան ուղիղ եթերով տեղեկացուց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան: Նշենք նաեւ, որ «Նորք» վարակաբանութեան  հիւանդանոցին մէջ, երկկողմանի թոքաբորբէն մահացած հիւանդին մօտ «Քորոնա» ժահր չէ յայտնաբերուած:

Այս օրերուն, «Քորոնա» ժահրի 700-է աւելի քննութիւն տեղի ունեցած է, հաստատուած դէպքերէն 17-ը քննութեան պահուն որեւէ գանգատ չէ ունեցած:

«81 տոկոսն է դէպքերի արտադրամասի եւ Էջմիածնի դէպքը, մնացած դէպքերը դրանք տեղային դէպքեր են», – յայտարարեց վարչապետը:

Մեկուսացուածներու թիւը, վարչապետի առաւօտեան ուղիղ եթերի հրապարակած տուեալներով, հասած է 444-ի, նաեւ 799 անձի ալ իշխանութիւնները յորդորած են ինքնամեկուսանալ:

«Եթէ մեկուսացման անհրաժեշտութեան ծաւալները մեծանան, այդ գործողութիւնը սկզբունքօրէն կը դառնայ անիմաստ», – նշեց Փաշինեան:

Հայաստան այս օրերուն, օրական 11 հազար լիթր ալքոհոլ կ’արտադրուի, որու շուրջ 50 տոկոսը կ’օգտագործուի ախտահանիչ միջոցներու արտադրութեան մէջ։ Վարչապետը կը կարծէ, որ ախտահանիչի պակասը ամենայն հաւանականութեամբ պայմանաւորուած է խուճապային գնումներով:

«Վաճառքի տուեալները ցոյց են տալիս, որ այսօր մեր սիրելի հայրենակիցների տներում ահռելի մեծ քանակութեամբ ախտահանիչ է կուտակուած», – ըսաւ Հայաստանի կառավարութեան ղեկավարը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment