Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Յովհաննէս Պալայեանի Յիշատակին

Յովհաննէս Պալայեանի Յիշատակին

by MassisPost

balayan-2Ամանորի նախօրեակին Լոս Անճելըսի Հայութիւնը ընդհանրապէս եւ Իրանահայերը մասնաւորապէս կորսնցուցին այս համայնքէն ներս վերջին հինգ տասնամեակներուն կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած անձնաւորութիւն մը: 90 տարեկանին մեզմէ հեռացաւ սիրուած ու յարգուած անձնաւորութիւն մը՝ Յովհաննէս Պալայեանը, որ իր ամբողջ կեանքը նուիրեց հայ մշակոյթին, հայ մամուլին, մեր հաստատութիւններուն եւ Հայաստանին:

Ազգային-հասարակական կեանքէն ներս Յովհաննէս Պալայեանի ճամբորդութիւնը սկսած էր Պարսկաստանի Ղազուինի շրջանէն, ուր հայրը կը ծառայէր որպէս քահանայ: Ապա ան անցած է Թեհրան եւ վերջապէս Լոս Անճելըս, ուր ան ունեցաւ մամուլի, մշակոյթի եւ բարեգործական երկարատեւ բեղուն գործունէութիւն, որ եկաւ հարստացնելու այս համայնքէն ներս մեր ազգային կեանքը, նպաստեց Լոս Անճելըսահայութեան զարթօնքին ու վերելքին ու սատարեց հայապահպան սրբազան գործին:

Քառասուն տարիներ ան իր անհատական ջանքերով հրատարակեց «Քաջ Նազար» երգիծաթերթը, ապա վարեց նոյնանուն հեռատեսիլի հաղորդումը: Ասոնց կողքին, ան կը ստանձնէր Հայրենիքէն գեղարուեստական խումբեր ու արուեստագէտներ հրաւիրելու եւ համերգներ կազմակերպելու ծանր աշխատանքը:

«Քաջ Նազար»-ի էջերուն վրայ Պալայեան կը հրատարակէր ոչ միայն երգիծական ու ազգային յոռի փառքերը խարազանող գրութիւններ ու ծաղրանկարներ, այլ նաեւ Պարսկաստանի եւ Լոս Անճելըսի հայկական կեանքի մասին կարեւոր տեղեկութիւններ ու յօդուածներ:

Անկեղծ նուիրումին ու վայելած վստահութեան շնորհիւ ան ունեցաւ բարեկամներու ու հովանաւորներու լայն շրջանակ մը, որոնք ոչ միայն բարոյապէս այլ նաեւ նիւթապէս սատարեցին ու հովանաւորեցին Պալայեանի կազմակերպած մշակութային ծրագիրները, համերգներն ու բարեսիրական նախաձեռնութիւնները: Բոլորի մօտ ան կը վայելէր սեր ու յարգանք՝ շնորհիւ իր նուիրուածութեան եւ անխոնջ աշխատանքին:

Պալայեան նաեւ ապրեցաւ Հայաստանով ու Հայութեամբ, որոնք դարձան իր կեանքի անբաժան մասը: Նախկին համակարգի օրով հայրենիքի մէջ տիրող իրավիճակը կը մտահոգեր զինքը ու ան չէր վարանէր հրապարակաւ քննադատելէ հոն տիրող ընկերային անարդարութիւնը, որ հայրենաբնակ մեր ժողովուրդը կը մատնէին յուսալքումի ու մղէին արտագաղթի: Այս երեւոյթները ու նաեւ խաղաղ ցուցարարներուն դէմ բռնի ուժի կիրարումը մղեցին զինք հրապարակաւ հրաժարելու Քոչարեանի կողմէ իրեն տրուած շքանշանէն:

2018-ի Ապրիլին, երբ Հայաստանի մէջ ծայր կ՛առնէր համաժողովրդային շարժումը ու Կլէնտէլի մէջ տեղի կ՛ունենային զօրակցական հաւաքներ, Պալայեան ոչ միայն ամէն օր ներկայ էր Քաղաքապետարանի առջեւ ընթացող ցոյցերուն, այլ իր ելոյթներով կը վստահեցնէր ժողովուրդին, որ այս անգամ յաղթանակը մօտալուտ է ու Հայրենիքին կը սպասեն աւելի պայծառ օրեր: Պալայեանի ցանկութիւնները իրականութիւն դարձան ու թաւշեայ յեղափոխութեան յաղթանակով իրականացան անոր վերջին երազանքները եւս:

Կուսակցական մը չըլլալով հանդերձ, Պալայեան հաւատացողն է Հնչակեան կուսակցութեան ու «Մասիս» շաբաթաթերթի առաքելութեան, դառնալով անոնց ամէնէն ջերմ համակիրներէն մէկը: Մեր շրջանակի կազմակերպած գլխաւոր միջոցառումներուն ան կը բերէր իր կարեւոր ներդրումը մեծապէս նպաստելով անոնց յաջողութեան:

Հակառակ իր յառաջացած տարիքին Պալայեան շարունակեց իր գործունէութիւնը նոյն թափով, հաւատքով ու նուիրումով: Անցնող տարին եղաւ վճռական իր համար: Երկար ժամանակ ան գամուած մնաց հիւանդանոցի անկողինին: Շատեր արդէն իսկ հաշտուած էին անխուսափելիին հետ: Սակայն, ան տակաւին ունէր անաւարտ ծրագիրներ: Բժիշկներու կանխատեսումներուն հակառակ, Պալայեան դարձեալ ոտքի ելաւ ու կարողացաւ կազմակերպել ու յաջողութեամբ պսակել Հայաստանի ծնողազուրկ եւ հաշմանդամ երեխաներու ֆոնտի տարեկան թելեթոն-հանգանակութիւնը: Վերադարձաւ հեռատեսիլի իր հաղորդումներուն ու հասցուց ներկայ գտնուելու Սեպտեմբերին Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Լոս Անճելըս կատարած այցելութեան միջոցառումներուն ու ոգեւորուեցաւ այդ բոլորով:

Կարճ ժամանակ ետք Պալայեանի դիւաբեկ մարմինը ստիպեց զինք վերադառնալ հիւանդանոց, ուր ան իր աչքերը փակեց Դեկտեմբերի 29-ին:

Այսպիսով, Լոս Անճելըսի Հայութիւնը կորսնցուց նուիրեալ ու անխոնջ ազգային, հասարակական ու մշակութային վաստակաւոր գործիչ մը, որ իր մեկնումով ետին կը ձգէ մեծ բաց մը:
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment