Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ 2019-ին «Զուարթնոց» Օդակայանի Ուղեւորահոսքը Հատած Է 3 Միլիոնի Շեմը

2019-ին «Զուարթնոց» Օդակայանի Ուղեւորահոսքը Հատած Է 3 Միլիոնի Շեմը

by MassisPost

Դեկտեմբեր 30-ին, «Զուարթնոց» միջազգային օդակայանին մէջ սպասարկուած ուղեւորներու թիւը գերազանցած է 3 միլիոնի շեմը, որու կապակցութեամբ «Արմենիա» միջազգային օդակայաններ» ընկերութեան կողմէ Մոսկուայէն Երեւան ժամանած բոլոր ուղեւորներուն մատուցուած է անակնկալ: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Զուարթնոց» օդակայանի մամուլի ծառայութիւնը:

Վերջիններուս շնորհիւ ալ «Զուարթնոց» միջազգային օդակայանը գրանցած է նման ցուցանիշ, որ տարուայ կտրուածքով առաջին անգամ կ’արձանագրուի:

Յաւելենք նաեւ, որ 2018 թուականին ուղեւորահոսքը «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ եղած է 2,690,727 ուղեւոր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment