Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Զինուած Ուժերը Համալրուած են Նոր «ՍՈՒ-30ՍՄ» Կործանիչներով

Հայաստանի Զինուած Ուժերը Համալրուած են Նոր «ՍՈՒ-30ՍՄ» Կործանիչներով

by MassisPost

Գիւմրիի «Շիրակ» օդակայանին մէջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին ներկայացուեցան Հայաստան բերուած Սու-30ՍՄ բազմագործառոյթային գերժամանակակից օդանաւերը։

Վարչապետը յայտարարեց, որ այդ օդանաւերը տարուայ գլխաւոր ձեռքբերումն են. – «Այսօր շատ կարեւոր օր է մեզ համար, որովհետեւ ժամանում են մեր այս տարուայ գլխաւոր ձեռքբերումը համարուող «ՍՈՒ-30ՍՄ» մակնիշի գերժամանակակից բազմագործառոյթային ինքնաթիռներ, որոնց ձեռքբերման մտադրութեան մասին դեռ նախորդ տարի էինք յայտնել: Այսինքն՝ ժամանում է ինքնաթիռների առաջին խմբաքանակը, եւ այս ձեռքբերումը շրջադարձային նշանակութիւն ունի Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան, մեր ժողովրդի ապահովման գործում»։

Թէ քանի օդանաւ ձեռք բերուած է, յայտնի չէ: «Շիրակ» օդակայանին մէջ կայանուածները չորս հատ են: Օդանաւերու առաջին թռիչքներն իրականացուցած են ռուս օդաչուները: Վարչապետը Պաշտպանութեան նախարարի հետ ծանօթացած է անոնց հնարաւորութիւններուն:

SU-fighter-jets-2

Գիւմրի այցելելէ առաջ վարչապետ Փաշինեանը իր ֆեյսպուքեան էջին տեղեկացուցած էր, որ ձեռք  բերուած է նաեւ հակաօդային պաշտպանութեան Օսա-ԱԿ համալիրներու խոշոր խմբաքանակ:

Ձեռք բերուած զինուորական սարքերուն ծանօթանալէ ետք վարչապետը շրջած է Գիւմրիի մէջ Վերակառուցման ու զարգացման եւրոպական դրամատան վարկային միջոցներով հիմնանորոգուած ճանապարհներով, յետոյ մասնակցած ընկերային 18 բնակարաններու շահագործման յանձնելու արարողութեան: Ամերիկահայ բարերարներու հանգանակութիւններով արդէն երրորդ տարին է Գիւմրիի մէջ կը կառուցուի ընկերային բնակարաններ:

Փաշինեանն անակնկալ այց կատարած է նաեւ նորակառոյց մաքսատուն: Այստեղ կուտակուած մեքենաներու հերթը 3 քիլոմեթրէն աւելի էր: Վարչապետը մաքսատուն չկրցաւ հասնիլ. մաքսազերծման հերթի սպասողները ճանապարհը փակեցին ու ներկայացուցին իրենց դժգոհութիւնները` մեծ հերթերէն, մաքսազերծման ժամկէտներու սահմանափակումներէն, հերթի վաճառքէն։

Վարչապետը նշած է, որ տեղեակ է հերթերու վաճառքէն ու մարզային ոստիկանութեան պետի պաշտօնակատարին յանձնարարած է հսկողութիւն սահմանել: Թէ չէ, ինչպէս նկատեց Նիկոլ Փաշինեանը, «հերթ նայողներ» ալ կը յայտնուին։

Վարչապետը այցի աւարտէն ետք ֆեյսպուքեան էջին տեղեկացուցած է, որ մաքսատունը մինչեւ Դեկտեմբեր 31-ը պիտի աշխատի շուրջօրեայ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment