ԹԱՆԷՐ ԱՔՉԱՄ
2 Օգոստոս 2019 Ուրբաթ երեկոյ հիւանդանոցի մէջ մահացաւ Հայոց ցեղասպանութեան հետազօտութիւններու դպրոցի հիմնադիր Փրոֆ. Վահագն Տատրեան։
Ծնած էր 1923-ին Պոլսոյ Գատըգիւղ թաղը։ Ծագումով չորումցի էր։ Հայրը այդ քաղաքի երեւելի դատաւորներէն էր եւ լաւ բարեկամութիւն ունէր իթթիհատականներու հետ։ Այդ բարեկամութեան շնորհիւ Տատրեանները յաջողեցան Պոլիս հասնիլ։ Մանկութիւնը անցաւ Գատըգիւղ, ապա Սկիւտարի մէջ։ Բ. Համաշխարհային պատերազմի նախօրէին գնաց Պերլին, թուաբանութիւն ուսանելու միտումով։ Ապա Վիեննայի մէջ պատմագիտութիւն, Զիւրիխի մէջ միջազգային իրաւաբանութիւն ուսանեցաւ։ Տոքթորականը պաշտպանեց ընկերագիտութիւնով՝ Շիքակոյի համալսարանը։
Ինք պատմած էր հայոց ցեղասպանութեան նիւթով իր առաջին հանդիպումը։ Վիեննայի մէջ դասընկերներէն մէկը, իմանալով իր հայ ինքնութիւնը, հարց կու տայ թէ կարդացա՞ծ է Ֆրանզ Վերֆլի «Մուսա լերան 40 օրերը» վէպը։ Տատրեան մինչ այդ ոչ Վերֆելի անունը, ոչ ալ այդ վէպը լսած էր։ Իսկոյն կը ճառէ այդ գիրքը եւ կ՚աւարտէ առանց իսկ աչքը թարթելու։ Խորապէս ցնցուած է եւ կ՚ափսոսայ թէ ոչինչ գիտէ իր ժողովուրդի պատմութեան մասին։ Կը յիշէ մանկութեան տարիներէ դրուագներ, երբ իրենց բնակարան այցելող կարգ մը տարեցներ սենեակի մը մէջ ծածուկ կը զրուցէին աղիողորմ արցունքներով։ Հազիւ այդ ժամանակ կ՚անդրադառնայ թէ ինչի՞ մասին էին այդ զրոյցները։ Այս յայտնաբերումէն ետք կը լքէ թուաբանութեան ուսումը եւ իր ամբողջ կեանքը կը նուիրէ հայոց ցեղասպանութիւնը ուսումնասիրելու։
Իր աշխատութիւնը սահմանուած չէր հայոց ցեղասպանութիւնով։ Ան ռահվիրաներէն եղաւ ցեղասպանութեան բաղդատական ուսումնասիրութեան դպրոցին։ Իր կարեւորագոյն զէնքն էր անգլերէն, ֆրանսերէն, գերմաներէն, հայերէն եւ թրքերէն-օսմաներէն լեզուներուն կատարեալ տիրապետելու ունակութիւնը։ Մինչեւ 2010-ական տարեթիւեր բեղուն աշխատանքով կ՚արտադրէ բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ եւ կարճ ժամանակի ընթացքին կը նուաճէ պատուաբեր բարձունքներ։
Տատրեան բացի պատմագիտական ուսումնասիրութիւններէ, աշխոյժօրէն մասնակցած է նաեւ ցեղասպանութեան միջազգային գետնի վրայ ճանաչման աշխատութիւններուն։
Ինք էր որ 1996-ին յաջողեցաւ հարիւր գիտնականի, ներառեալ Հոլոքոստի մասնագէտ Եահուտա Պաուէրի ստորագրութեամբ դատապարտել թրքական կառավարութիւններու ուրացման քաղաքականութիւնը։ Այդ յայտարարութիւնը հրատարակուեցաւ բազմաթիւ ամերիկեան թերթերու էջերուն վրայ։ Նման նախաձեռնութիւններ ունեցաւ 1998-ին եւ 2000-ական տարեթիւերուն։ Իրեն համար ակադեմական աշխատութիւնները հայ ժողովուրդին ենթարկուած անարդարութեան դէմ պայքարի եւ ցեղասպանութիւնները կանխելու գործընթացի մէկ մասնիկն էին միայն։
Եթէ չեմ սխալիր, 2010-ական տարեթիւերու սկիզբներուն էր, երբ զինք հրաւիրեցի համալսարանի ամպիոնէն բանախօսութիւն մը ունենալու համար։ Մերժեց, ըսելով թէ ալ չուզէր ամերիկեան համալսարանները ելոյթ ունենալ։ Պատճառը՝ նման միջոցառումներու ընթացքին կարգ մը թուրքիացիներուն հալածանքն էր։ «Ալ չեմ կրնար հանդուրժել» ըսած էր։ Միայն հայկական հաւաքականութիւններու դիմաց խօսիլ կ՚ուզէր։ 2013-ին Հայաստանի մէջ ունեցած բանախօսութիւնները իր վերջին ելոյթները եղան։ Որքան որ գիտեմ, Ուոլֆկանկ Կուստի հայոց ցեղասպանութեան մասին գերմանական փաստաթուղթերու վերաբերեալ գիրքին անգլերէն տպագրութեան համար գրած յառաջաբանն ալ իր վերջին յօդուածը եղաւ։ Այս գիրքին հրատարակութեան թուականն ալ 2013 էր։
Տատրեան ապա մեկուսացաւ։ Վերջին անգամ 2014-ին այցելեցի զինք։ Համացանցէ չէր օգտուեր։ Ես կանոնաւոր կերպով կը փնտռէի, որպիսութիւն կը հարցնէի։ 2016-ին կամ 2017-ին էր, իրեն յայտնեցի թէ Կերկերեանի արխիւին մէջ գտած եմ Նաում էֆէնտիի օրագրութիւնը։ Ինք արդեօք Կերկերեանի հետ խօսա՞ծ էր այս օրագրի մասին։ Յիշողութիւնը բաւականին տկարացած էր, չկրցայ գոհացուցիչ պատասխան մը լսել։
Ամէնօրեայ խնամքը ստանցնող ընկերութեան մը շնորհիւ բաւական հանգիստ անցան վերջին տարիները, մինչեւ որ երիկամի հիւանդութեան պատճառաւ հիւանդանոց փոխադրուի։
Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութիւններու այս արժէքաւոր մշակը ընդմիշտ պիտի յիշուի որպէս հայոց ցեղասպանութեան եւ բաղդատական ցեղասպանագիտութեան հիմնադիր։ Թողած տասնեակ հատորներով պիտի դասուի յաւիտենականներու կարգին։
Տատրեանի դերակատարութիւնը հայոց ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան մէջ
Ցեղասպանութեան շուրջ վիճաբանութիւնները առհասարակ կ՚ընթանան երկու հիմնական հարցման շուրջ՝ «Ի՞նչ եղաւ, ի՞նչպէս եղաւ» եւ «ինչո՞ւ»։ Ընդհանրապէս հակաճառութիւնները կը կուտակուին «ինչո՞ւ» հարցումին շուրջ։ Մեր մօտ տակաւին աւելի ծանր կը կշռէ «Ի՞նչ եղաւ, ի՞նչպէս եղաւ» հարցումները։
Տատերանին ապահոված «Ի՞նչ եղաւ, ի՞նչպէս եղաւ»ի մասին տեղեկութիւնները կը լուսաբանեն նաեւ «Ինչո՞ւ եղաւ»ը։ Տատրեան իր ամբողջ կեանքը նուիրած է թրքական տեսութեան սխալները փաստելու։ Այդ նուիրեալ գործին մէջ համաշխարհային որոշ յաջողութիւն արձանագըրած։ Անշուշտ որ իր հաստատումներուն մէջ կրնայ բաց թողումներ, թերութիւններ նոյնիսկ սխալներ գտնուին։ Այս երեւոյթը ինքնին ակադեմական աշխատաձեւի հիմքն է արդէն։ Իւրաքանչիւր նոր սերունդ նախորդին յայտնաբերածներուն վրայ իր ներդրումը կը բերէ։ Արդարեւ Տատրեանի աշխատութիւններն ալ հազիւ անոնցմէ օգտուելով զարգանալու դէպքին աւելի արժէքաւոր պիտի դառնան։
Հանրածանօթ ընկերաբան Նորպէրթ Էլիաս 1997-ին «Ատոռնոյի մրցանակ»ի յանձման պահուն ունեցած ելոյթին ըսած էր թէ ինք, իրմէ առաջ վառած ջահի որոշ ժամանակի համար կրողն է միայն։ Այդ նոյն ջահը իրմէ ետքն ալ ուրիշները պիտի կրեն։ Եթէ այս հաստատումը փոխանցենք Տատրեանի օրինակին, պէտք է խոստովանիլ թէ ան ոչ թէ իրմէ առաջ վառած ջահը, այլ իր սկսած կրակն է որ փոխանցած է յաջորդներուն։ Այս ինքնին պարտականութիւն մըն է մեր առջեւը դրուած։
Տատրեանի նշանակութիւնը ինծի համար
Ան ինծի համար ուսուցիչ մըն էր, վարպետ մը, նոյնիսկ պահապան հրեշտակ մը։ Շատ բան կը պարտիմ իրեն, որոնք տողերու վրայ չեմ կրնար արտայայտել։
Ամէն անգամ որ կը զանգահարեմ «Թանէր, առողջութիւնդ ի՞նչպէս է, մարզանք կ՚ընե՞ս» կը հարցնէր ու երբ դրական պատասխան ստանար, սրտանց կը շնորհաւորէր. «աֆէրին Թանէր» ըսելով։ Ապա կը հարցնէր աղջկանս՝ Հէլինի որպիսութիւնը։
Հայոց ցեղասպանութեան խնդրին թափանցելուս մէջ կարեւոր դեր ունեցած է։ Իմ աշխատած ինստիտուտին պարզեցի հայոց ցեղասպանութիւնը ուսումնասիրելու մասին նպատակս։ Ինստիտուտի վարիչները մերժեցին առաջարկս պատճառաբանելով թէ իրենք այս մասին թոյզն իսկ տեղեկութիւն չունին։ Սակայն ելքի միջոց մըն ալ առաջարկեցին։ Եթէ նիւթի մասնագէտները հրաւիրելով աշխատանոց մը կազմակերպեմ, անոր արդիւնքին համաձայն իրենց որոշումն ալ պիտի կարենայ փոխուիլ։
Իսկոյն դիմեցի Համպուրկի համալսարանի դասախօս Փրոֆ. Փէթրա Քապերթի։ Ինք խորհուրդ տուաւ Տատրեանի հետ կապ հաստատել։ Աւելին՝ Տատրեանին երկու անգլերէն յօդուածները ղրկեց։ Այդ տարիներուն իմ անգլերէն իմացութիւնս բաւականին տկար էր, թէ Տատրեանի հասցէն չունէի, եւ թէ այդ յօդուածները հասկնալու ի վիճակի չէի։
Լոնտոնաբնակ մէկ ընկերս յօդուածները ինծի համար թրքերէնի թարգմանեց։ Ապա գտայ նաեւ իր հասցէն։ Տատրեան յօդուածներուն մէջ թրքերէն աղբիւրներէ յաճախ մէջբերումներ ըրած էր։ Խորհեցայ որ այս մարդը անպայման թրքերէն գիտէ։ Ուստի որոշեցի իրեն թրքերէնով դիմել։ Խոստովանիմ, որ այդ պահուն շատ ալ յոյս չունէի թէ դրական պատասխան մը կը ստանամ։
«Քառասուն տարի ետք սա թրքերէնով իմ առաջին նամակագրութիւնն է»։ Տատրեանէն եկած թրքերէն նամակը այս նախադասութիւնով կը սկսէր։ Այսպէս մեկնարկեց մեր բազմամեայ բարեկամութիւնը։ Սիրով մասնակցեցաւ աշխատանոցին եւ իր ելոյթը մեծ տպաւորութիւն գործեց։ Մանաւանդ ընդգծեց թուրք մտաւորականի մը այս մասին անկողմնակալ ուսումնասիրութեան կարեւորութիւնը։ Ինստիտուտը ընդունեց իմ առաջարկը։ Այս աշխատանոցին համար պատրաստած նախագիծը հրատարակուեցաւ «Իլէթիշիմ» հրատարակչատունէն, «Թուրք ազգային ինքնութիւնը եւ հայկական խնդիրը» խորագիրով։ Սա այս նիւթի մասին իմ առաջին գիրքն էր։
Տոքթորականս պատրաստելու ժամանակ ալ Տատրեան իր օգնութիւնը երբեք չխնայեց։ Այդ տարիներուն համացանցի, հետեւաբար էլ-նամակի դրութիւնը չկար։ Միշտ թղթակցեցանք ֆաքսի միջոցաւ։ Մեծ համբերութեամբ պատասխանեց իմ անվերջանալի հարցումներս։
Ամերիկա երթալս ալ իր միջոցաւ եղաւ։ 1999-ին ինստիտուտը մերժեց իմ աշխատութիւններս հովանաւորել։ Ընտանիք մը ունէի, որուն ապրուստի պատասխանատուութիւնը իմ վրայ էր։ Տատրեանի միջնորդութիւնով Միշիկընի Տիիրպորն համալսարանի հայկական հետազօտութիւններու կեդրոնը զիս հրաւիրեց եւ ես կրկին անգամ ցեղասպանութեան նիւթի շուրջ աշխատելու առիթը գտայ։
Շատ կը կարօտնար Իսթանպուլը, մանաւանդ Սկիւտարը։ Կը վախնար Թուրքիա գալէ, «հոն ինձ կը սպաննեն» կ՚ըսէր։
Յաճախ կը քննադատուէր թրքատեացութեամբ։ Բայց թուրքերու հետ հանդիպելուն, յատկապէս ալ անոնց հետ թրքերէն խօսելու պահուն աչքերուն մէջ փայլատակող ուրախութիւնը նշմարած եմ։
Մէկ բան շատ յստակ է։ Իմ կեանքի կարեւոր անկիւնադարձերուն եթէ իր օգնութիւնը վայելած չըլլայի, չէի ըլլար այն ինչ, որ այսօր եմ։ Ոչ կրնամ մոռնալ իր զօրակցութիւնը, ոչ ալ կրնամ հատուցել։ Յարգանքով կը խոնարհիմ իր յիշատակին առջեւ։
«ԱԿՕՍ»