Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմ – Հայերէնի Ուսուցիչներու Ամենամեայ Հաւաք

Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմ – Հայերէնի Ուսուցիչներու Ամենամեայ Հաւաք

by MassisPost

ՀՐԱՉ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ

Հովանաւորութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի բարեխնամ առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի, 2019-ի Օգոստոսի 10-ին, Առաջնորդարանի «Համբար» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Արեւմտեան թեմի դպրոցներու հայերէնի ուսուցիչներու ամէնամեայ հաւաքը։

Հիւր դասախօսներն էին՝ ՀԲԸՄ-ի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի տնօրէն Տիկ. Արփի Աւանէսեան, որ ներկայացուց  «Դասաւանդման նորագոյն մօտեցումները», ապա գրաբարագէտ եւ լեզուաբան, Բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու, դոցենտ Նորայր Պօղոսեան խօսեցաւ «Արևմտահայերէնի և արևելահայերէնի նմանութիւններն ու տարբերութիւնները և դրանց դասաւանդումը», որմէ ետք Արեւմտեան թեմի Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչ՝ Պրն. Մաշտոց Չոպանեանին նիւթն էր «Ազգային, կրօնական տօներու, ծէսերու մատուցումը դասաւանդութեան ժամանակ»:

Աւելի քան յիսուն ուսուցչուհիներ եւ ուսուցիչներ դպրոցական վերամուտին նախօրէին մասնակիցը եղան օգտաշատ երեք դասախօսութիւններու, որոնց իւրաքանչիւրի աւարտին տեղի ունեցաւ հարց-պատասխանի պահ մը։

3WD

Առաջնորդ սրբազան հօր օրհնութեան գիրը փոխանցեց Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարի հոգեւոր հովիւ, արժանապատիւ Տէր Խաժակ Քհնյ. Շահբազեան։ Ապա, աղօթքի համար հրաւիրուեցաւ  Հոգշ. Հայր Տաճատ Ծ. Վրդ. Եարտըմեանը։  Բացման խօսքով ելոյթ ունեցաւ Արեւմտեան թեմի վարժարաններու Կրթական մարմինի ատենապետ՝ Դոկտ. Էլլի Անդրէասեան, որ հրաւիրեց Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարի «Փոքրիկ հրեշտակներ» շաբաթօրեայ վարժարանի տնօրէն, բարեշնորհ Յովհաննէս սարկաւագ Գումրուեանը, որպէսզի ներկայացնէ օրուան հիւր դասախօսները։

Գլխաւոր բանախօսներէն տիկին Աւանէսեան աւելի քան ժամ մը տեւող իր ներկայացումին ընթացքին կարեւորեց հետեւեալ կէտերը. ուսուցիչը անհրաժեշտ է, որ սիրէ իր աշխատանքը, ան ազդեցութիւն պիտի ձգէ աշակերտներու վրայ։ Դասարանին մէջ առիթ տալ, որպէսզի աշակերտը արտայայտուի։ Տարբեր աշակերտներ կան. ինչպէ՞ս զանոնք ներգրաւել, կապել դասին (երաժշտութիւն, գծագրութիւն, մտային խաղեր, արհեստագիտութեան ներդրում, աշակերտը՝ գործընկեր)։  Տիկին Աւանէսեան ընդգծեց, որ պիտի ընդունինք, թէ Ամերիկայի այս ափերուն հայերէնը մայրենի լեզուն ըլլալով հանդերձ երկրորդ կարգի կու գայ անգլերէնէն ետք։ Այստեղ անհրաժեշտ է նաեւ ծնողներուն դերը, որոնց ճիգին շնորհիւ նաեւ երկլեզու ըլլալու առաւելութիւններէն պէտք է օգտուին ամերիկահայ աշակերտները։

Հայոց լեզուի դասաւանդման ծրագիրը ժամանակակից մեթոտներով յագեցած պէտք է ըլլայ դասականին կողքին, որպէսզի աշակերտը դասարանէն ներս թէ դուրս լսելու, խօսելու, բառապաշարի, ըմբռնումի եւ գրաւոր խօսքի կարողութիւնները կարենայ գործածել եւ զարգացնել, նշեց Դոկտ. Էլլի Անդրէասեան, շնորհակալութիւն յայտնելով Տիկին Աւանէսեանին, անոր պատրաստած ուսանելի ներկայացումին համար։

4WD

Ճաշի դադարէն ետք, յայտնի լեզուաբան Նորայր Պօղոսեան համառօտ կերպով, զուգադիր քննութիւն կատարեց արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի միջեւ՝ անդրադառնալով հայ համայնքին դիմաց ծառացած մեր լեզուի երկու ճիւղերուն համատեղ օգտագործումին՝ «ամերիկահայերէնին»։ Յարգելի բանախօսը, նախ ակնարկ մը նետեց մօտ հինգ հազարամեայ մեր պատմութեան, գրաբարին, աշխարհաբարին, բաղաձայններու երկշարք (արեւմտահայերէն, Կիլիկեան հայերէն) եւ եռաշարք (արեւելահայերէն, գրաբար) տարբերակներուն, բառապաշարի, ուղղագրութեան եւ քերականութեան տարբերութիւններուն՝ ԿԸ եւ ՈՒՄ ճիւղերուն վրայ։ Արեւմտահայերէնը իր քերականութեամբ, իսկ արեւելահայերէնը՝ արտասանութեամբ աւելի նման են դասական հայերէնին, ըսաւ ան։ Արեւելահայերէնի ուղղագրութիւնը Հայաստանի մէջ պարզեցուած է 1940 թուականին, որ մինչեւ այսօր կը գործածեն արեւելահայերը՝ բացի Իրանի մէջ եւ իրանահայերու կողմէ։

Նորայր Պօղոսեանի մօտեցումով՝ «ուղղագրութեան անպտուղ վէճերի փոխարէն պէտք է գնալ այն միասնականացնելու ճանապարհով։ Դրա հրամայականն այսօր կայ նախ եւ առաջ դպրոցներում արդիւնաւէտ դասաւանդման համար»։ Այս ուղղութեամբ, ան առաջարկեց կազմել լեզուի հայեցակարգ մշակող հեղինակաւոր մարմին, որուն որոշումները պէտք է պարտադիր ըլլան հայկական բոլոր համայնքներու մէջ, բոլոր դպրոցներուն եւ հայկական հաստատութիւններուն կողմէ։

Երրորդ եւ վերջին դասախօսն էր Արեւմտեան թեմի Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչ Պրն. Մաշտոց Չոպանեան, որ անդրադարձաւ Հայց. Եկեղեցւոյ գլխաւոր տօներուն, անոնց դերին՝ պատրաստելու վաղուան ամբողջական հայը։ Երեխան դաստիարակելը արուեստ է, ըսաւ ան։ Ուսուցիչը մարդուն՝ աշակերտին սիրտին, հոգիին հետ կ՚աշխատի, ինչպէս քանդակագործը՝ քանդակին հետ։ Այդ Մարդն է որ կը պատրաստէ ուսուցիչը եւ այսօր շատ աւելի դժուար է նոր սերունդին մէջ պատասխանատուութեան զգացումը ներարկել, ինքնութեան, հայու ինքնութեան դրոշմը փոխանցել ամերիկահայ պատանիին։

Աւարտին բարեշնորհ Յովհաննէս սարկաւագ Գումրուեան համառօտ գիծերու մէջ ներկայացուց Արևմտեան թեմի վերջին հրատարակութիւններէն Հոգշ. Հայր Տաճատ Ծ. Վրդ. Եարտըմեանին հայագիտական եւ լեզուաբանական կարեւոր նշանակութիւն ունեցող ՝ «Հայերէն լեզուի ժամանակակից բառարանը»՝ հեղինակը հրաւիրելով աղօթքով ու օրհնութեամբ ամփոփելու օրը։

Արդիւնաւէտ օր էր, որ դպրոցական վերամուտի այս օրերուն խորհելու եւ վերապատրաստուելու հնարաւորութիւնը տուաւ Մաշտոցի մերօրեայ զինուորներուն՝ հայերէնի ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն։

Բարի վերամուտ բոլորին։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment