Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարը Փախուստի Դիմած է Առաջնագիծէն․Անվտանգութեան Խորհուրդի Քարտուղար

Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարը Փախուստի Դիմած է Առաջնագիծէն․Անվտանգութեան Խորհուրդի Քարտուղար

by MassisPost

Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովը վերջերս փախուստի դիմած է առաջնագիծէն, քանի որ յայտնուած էր հայ դիրքապահներու վերահսկողութեան ներքոյ՝ կառավարութեան նիստէն ետք լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ընթացքին յայտարարած է Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը:

«Վերջերս իրենց պաշտպանութեան նախարարը յայտարարել էր, որ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարին կը դիմաւորի Երեւանում կամ այլ տեղ: Իրականում նա, այս վերջերս առաջին գիծ գալով, փախուստի էր դիմել մեր զինուած ուժերի կողմից վերահսկողութեան տակ վերցուելուց յետոյ», – նշած է Գրիգորեանը: – «Այց է ունեցել սահման, որից յետոյ փախուստի է դիմել, որովհետեւ յայտնուել էր մեր զինուորների վերահսկողութեան տակ», – մանրամասնած է Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը:

Այս օրերուն Ատրպէյճանի մէջ տեղի կ’ունենան լայնածաւալ զօրավարժութիւններ, եւ Զաքիր Հասանովն ու Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան ղեկավար կազմը 22 Մայիսին այցելած են հայ-ատրպէյճանական շփման գիծի երկայնքով տեղակայուած զօրամասեր, հետեւած հայկական Զինուած ուժերու դիրքերուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment