Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ատրպէյճանը Հայաստանի Հետ Սահմանին Նոր Զօրամաս Տեղակայած է

Ատրպէյճանը Հայաստանի Հետ Սահմանին Նոր Զօրամաս Տեղակայած է

by MassisPost

Ատրպէյճանը Հայաստանի հետ սահմանին նոր զօրամաս տեղակայած է: Ատրպէյճանական պաշտօնական աղբիւրներու փոխանցմամբ՝ զօրամասը կառուցուած է սահմանագօտիի Ղազախ-Աղստաֆա հատուածին վրայ:

Ատրպէյճանի սահմանային պետական ծառայութեան ղեկավար Էլչին Ղուլիեւի խօսքով՝ նոր զօրամասը կարեւոր է պետական սահմանի ամբողջականութեան ապահովման տեսանկիւնէն:

Ղազախի շրջանի հետ Տաւուշի մարզի սահմանը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանի ամենաերկար հատուածն է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment