Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութեան Ամանորեայ Մաղթանքի Խօսքը

ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութեան Ամանորեայ Մաղթանքի Խօսքը

by MassisPost

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութիւնը կը շնորհաւորէ համայն հայութիւնը Նոր Տարուայ և Ծննդեան տօներուն առիթով։

Արդարև, Հայաստանի համար բախտորոշ էր անցնող տարին, որու ընթացքին մեր յաւերժական հայրենիքը կերտեց իր նորագոյն պատմութեան ամենէն փայլուն էջերէն մէկը: Ապրիլ-Մայիսին տեղի ունեցած ժողովրդային Թաւշեայ յեղափոխութիւնը տապալեց քսանամեայ լճացած վարչակարգը ու անոր հետ տարաւ այն բոլոր արատաւոր երեւոյթները, որոնք երկիրը հասցուցած էր անդունդի եզրին: Յաղթանակած մեր ժողովուրդին առջեւ բացուեցան նոր հորիզոններ, որոնք մեծ յոյսեր ու լաւատեսութիւն կը ներշնչեն ապագայի նկատմամբ Հայաստանէն մինչեւ սփիւռքի հեռաւոր անկիւններուն վրայ ապրող մեր հայրենակիցներուն մօտ:

Այս բոլորով հանդերձ, կը շարունակենք ազգովին դիմագրաւել բազում մարտահրաւէրներ, որոնց յաղթահարումը կը կարօտի մեր ժողովուրդի բաղկացուցիչ բոլոր միաւորներու համագործակցութեան եւ ուժերու գերլարումին:

Հայաստանի քաղաքացին կը փորձէ յաղթահարել երկրի առջեւ ծառացած տնտեսական ու ընկերային բազում տագնապները, որոնցմէ կախեալ է ոչ միայն հայրենիքի ապագան, այլ նաեւ արտագաղթի կասեցումն ու հայրենադարձութեան գործի յաջողութիւնը:

Արցախի մեր հերոսական ժողովուրդը կը շարունակէ մնալ թշնամիի ամենօրեայ թիրախ եւ հայրենիքը պաշտպանող մեր քաջարի զինուորները կը շարունակեն անառիկ պահել մեր սահմանները՝ ի գին ամեն զոհողութեան:

Միջին արեւելքի հայաշատ երկիրներէն ներս շարունակուող պատերազմական վիճակներն ու քաղաքական վերիվայրումները հայութեան մէկ կարեւոր հատուածի ապագան կը դնեն հարցականի տակ:

Եւրոպական ու Ամերիկեան ցամաքամասերու վրայ բնակող մեր զաւակները կը շարունակեն մղել գոյութեան պայքար՝ ձուլումի ու մայրենի լեզուի կորուստին դէմ:

Այնու ամենայնիւ, 2019 թուականը կը թեւակոխենք առաւել լաւատեսութեամբ եւ նոր ակնկալիքներով: Համոզուած ենք, որ նոր տարին իր հետ պիտի բերէ աւելի պայծառ օրեր ու միասնական ջանքերով պիտի կարողանանք յաղթահարել մեր ազգի առջեւ ծառացած բոլոր մարտահրաւէրները՝ ի փառս մայր հայրենիքի ու հայ ժողովուրդի:

Նոր Տարուայ եւ Ծննդեան տօներուն առիթով կը մաղթենք մեր հայրենակիցներուն առողջութիւն, յաջողութիւն ու երջանկութիւն, իսկ հաւաքական կեանքէն ներս արդիւնաբեր ու խաղաղ տարի մը:

ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութիւն

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment