Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սփիւռքի Նախարարութեան Ճակատագիրը

Սփիւռքի Նախարարութեան Ճակատագիրը

by MassisPost

Այս օրերուն Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ քննարկուող հրատապ հարց դարձած է Սփիւռքի նախարարութեան հետագայ ճակատագրը:

Պիւտճէի խնայողութեան ակնկալիքով Կառավարութիւնը կը պատրաստուի կրճատելու հինգ նախարարութիւններ, որոնցմէ չորսը պիտի միանան այլ նախարարութիւններու, իսկ Սփիւռքի նախարարութեան մասին առ այժմ ծանօթ է միայն այն, որ նախարարութիւնը պիտի լուծարուի: Իսկ, թէ ի՞նչ նոր կառոյց պիտի գայ փոխարինելու զայն, առ այժմ յստակ չէ:

Սփիւռքի նախարարութեան լուծարումը բնականաբար պիտի յառաջացնէր հակազդեցութիւն ե՛ւ Հայաստանի ե՛ւ սփիւռքի տարածքին: Սփիւռքի մէջ, Նախարարութեան լուծարման հարցով կը հնչեն տարբեր տեսակէտներ: Ոմանք կը խորհին թէ, նախարարութիւնը իր գոյութեան ընթացքին ու ներկայ կառուցուածքով եւ իրագործած ծրագիրներով չէ արդարացուցած անոր վրայ դրուած յոյսերը: Ուրիշներ մտահոգուած են, որ նախարարութեան լուծարումով Հայաստան-սփիւռք կապերը պիտի արժանանան նուազ ուշադրութեան եւ հոգատարութեան:

Հայաստանի կառավարութիւնը տակաւին չէ յստակեցուած իր ծրագիրները՝ սփիւռքի հետ յարաբերութիւնը կարգաւորող նոր կառոյցի շուրջ: Խօսակցութիւններ կան, որ նման մարմին մը կրնայ ստեղծուիլ վարչապետի եւ կամ Հանրապետութեան նախագահի կից, այդպիսով Հայաստան-սփիւռք կապերը դնելով աւելի բարձր մակարդակի վրայ ու առաւելագոյնս օգտագործելով սփիւռքի ներուժը՝ Հայաստանի զարգացման գործին մէջ: Ասոր կողքին կայ նաեւ հայրենադարձութեան հարցի շուրջ յստակ եւ երկարամեայ ծրագիրներու մշակումի հարցը, որ կը կարօտի վերադաս մակարդակի քննարկումներու:

Այս բոլորի մէջ կայ նաեւ հարցի մարդկային երեսը: Միացուող կամ լուծարուող նախարարութիւններու որոշ թիւով պաշտօնեաներ պիտի կորսնցնեն իրենց աշխատանքը: Հայաստանի պարագային, ուր գործազրկութիւնը մեծ տոկոս կը կազմէ, պետական պաշտօնեաներու ազատ արձակումը մտահոգիչ պարագայ մըն է, որ կը կարօտի լուծումներու:

Կը յուսանք, որ Հայաստանի կառավարութիւնը շատ լրջօրէն կը մօտենայ այս հարցին եւ հետագայ որոշումներու ընթացքին յատուկ ուշադրութեան կ՛արժանացնէ ընկերային այս կարեւոր հարցը եւս:
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment