Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Բացառիկ Յաջողութեամբ Պսակուեցաւ Հայ-Ամերիկեան Թանգարանի Կալա-Ճաշկերոյթը

Բացառիկ Յաջողութեամբ Պսակուեցաւ Հայ-Ամերիկեան Թանգարանի Կալա-Ճաշկերոյթը

by MassisPost

Լոս Անճելոս Գաւառը Մէկ Միլիոն Տոլար Նուիրեց Շինութեան Ծրագրին

Իր տեսակին մէջ աննախընթաց միջոցառում մըն էր որ տեղի ունեցաւ անցեալ Կիրակի, Դեկտեմբեր 9, 2018 Հոլիվուտի Տոլպի արդիական հանդիսասրահին մէջ: Արդարեւ, Հայ-Ամերիկեան թանգարանի եւ մշակութային կեդրոնի համագաղութային խնամակալ մարմնի կողմէ կազմակերպուած սոյն կալա-ճաշկերոյթին ներկայ էին շուրջ 1100 հանդիսականներ: Անոնք կը ներկայացնէին Հարաւային Գալիֆորնիոյ հայկական տարբեր շրջանակներն ու կառոյցները: Բոլորն ալ եկած էին ողջունելու ԱՄն-ի տարածքին կառուցուելիք Հայ-Ամերիկեան թանգարանի շինութեան նախաձեռնութիւնը:

gala-3

Կալա-ճաշկերոյթի պատշօնական բաժինն սկսաւ դրօշակի արարողութեամբ« Հ.Բ.Ը.Մ.ի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտներու կողմէ: Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ ԱՄՆ-ի եւ Հայաստանի ազգային քայլեգրներու ունկնդրութիւնը, կատարողութեամբ Կլենտէյլի Հայ Սքուլի միացեալ երգչախումբին: Իսկ սեղաններու օրհնութիւնը կատարուեցաւ խնամակալ Մարմնի Համա-ատենապենտերու եւ չորս յարանուանութեանց հոգեւոր առաջնորդներու կողմէ (Յովնան Արք., Մուշեղ Արք., Միքայէլ Եպիս, եւ Վեր, Պերճ Ճամպազեան):

gala-4

Օրուան արհեստավարժ հանդիսավարն էր ամերիկեան հեռատեսիլի հանրածանօթ եւ շնորհալի խօսնակ Արաքսիա Կարապետեան Ան իր բացման խօսքին մէջ կարեւորեց հայ արժէներու եւ ինքնութաեն պահպանման անհրաժեշտութիւնը եւ միաժամանակ դրուատեց հայ-ամերիկեան թանգարանի մը ստեղծման կարեւորութիւնը, յատկապէս բազմամշակութային ոլորտներ ունեցող այս երկրին մէջ£ Ապա ներկայացուց օրուան հիւր անձնաւրութիւնները:

Երեկոյթի գլխաւոր զեկուցաբերն էր Հայ-Ամերիկեան թանգարանի տասը կազմակերպութիւններէ բաղկացեալ Խնամակալ Մարմնի գործադիր նախագահ Պերճ Կարապետեան: Ան ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց սոյն ազգօգուտ միջոցառումին տուն տուող պատճառներն ու զայն իրականութիւն դարձնելու այլազան դժուարութիւնները եւ զանոնք յաղթահարելու համար տեղի ունեցած յաջող բանակցութիւնները£ Ապա շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց որոնք այս պատուաբեր եւ հպարտացուցիչ ձեռնարկի իրականացման համար իրենց օգտաշատ ներդրումն ունեցան թէ Կլէնտէյլ քաղաքի քաղաքապետարական Խորհուրդի եւ թէ Սարգրամենթոյի պետական շրջանակներէ ներս:

Մէջ ընդ մէջ սրահի լայն պաստառներուն վրայ հանրութեան ներկայացուեցան կառուցուելիք Հայ-Ամերիկեան թանգարանի կենդանի մանրակերտէն դրուագներ:

Գործադրուեցաւ օրուան պատշաճ գեղարուեստական բարձրորակ յայտագիր մը« մասնակցութեամբ շնորհալի արուեստագէտներ Վարդան Բզնունիի ¤դաշնամուր¥ եւ Ալին Արուստամեանի (երգ):

Սոյն Կալա-Ճաշկերոյթի մեծագոյն անակնկալն էր Լոս Անճելոս գաւառի վերակացու Քաթրին Պարքըրի խրախուսական ելոյթը գաղութային այս գեղեցիկ ծրագրի նկամամբ եւ առ ի քաջալերութիւն եւ մասնակցութիւն մէկ միլիոն տոլարի նուիրատւութիւն մը կատարեց Լոս Անճելոս գաւառի անունով (զոր ներկայացուեցաւ մեծածաւալ ձեւով) եւ արժանացան յոտնկայս ծափահարութիւններու: Նշենք նաեւ որ ցարդ կատարուած են նաեւ 4 միլիոն տոլարի այլ նուիրատւութիւններ սոյն մեծածախս շինութեան համար:

gala-5

Այս առիթով Հայ-Ամերիկեան Թանգարնաի Խնամակալ Մարմնի անունով յուշաքանդակներ յանձնուեցան իրենց օգտաշատ ներդրումն ունեցողներուն Գալիֆորնիոյ Խորհրդարանի անդամներ Ատրին Նազարեանին, Անթոնի Ռէնտոնի, ծերակուտական Անթոնի Փորթանթինոյին նահանգային ծերակոյտի նախագահ Քէվին Տը Լէոնին եւ Կլենտէյլի Քապաքապետարանի անդամներուն, գլխաւորութեամբ քաղաքապետ Զարեհ Սինինեանի:

gala-7

Իրենց խրախուսական եւ զօրակցական ելոյւթներով հանդէս եկան նահանգային երեսփոխան Ատրին Նազարեան, Ազգային Ժողովի խօսնակ Անթոնի Փորթանթինօ եւ Կլենտէլյի Քաղաքապետ Զարեհ Սինանեան: Անոնք շնորհաւորելով այս մեծ նախաձեռնութիւնը բարի երթ մաղթեցին կազմակերպիչներուն:

Յիշատակելի բացառիկ ձեռնարկ մը արդարեւ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment