Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Երեւանի մէջ Մեկնարկած է «ԱրմՀայԹեք-2018 Սպառազինութեան Միջազգային Ցուցահանդէսը

Երեւանի մէջ Մեկնարկած է «ԱրմՀայԹեք-2018 Սպառազինութեան Միջազգային Ցուցահանդէսը

by MassisPost

«Երեւան Էքսպո» ցուցահանդէսային համալիրի մէջ մեկնարկած է սպառազինութեան եւ պաշտպանական տեխնոլոգիաներու «ԱրմՀայԹեք-2018» երկրորդ միջազգային ցուցահանդէսը:
Ցուցահանդէսին մասնակցած են ինչպէս հայկական, այնպէս ալ արտերկիրէն տարբեր կազմակերպութիւններ, ինչպէս՝ Ռուսիայէն, Հնդկաստանէն, Գերմանիայէն, Իտալիայէն, Ֆրանսայէն, Չինաստանէն եւ այլ երկիրներէն: «ԱրմՀայԹեք-2018» երկրորդ միջազգային ցուցահանդէսին մասնակցելու նպատակով Հայաստան ժամանած են աւելի քան 10 երկիրներու պատուիրակութիւններ եւ ՀԱՊԿ-ի պատուիրակութիւնը:
armhitec
Ցուցահանդէսին մասնակից հայկական «Լոկատոր» ընկերութիւնը ներկայացուցած է ռոպոթէ տարբեր արտադրութիւններ: Ընկերութեան ճարտարապետ Արգիշտի Աւետիքեանը ներկայացուցած է յատակագիծ մը, որ նախատեսուած է բեռներ տեղափոխելու համար:
Ճարտարապետի հաւաստմամբ, թրթուրաւոր ինքնաշարժ այդ գործիքի վրայ կարելի է տեղադրել նաեւ  հակահրասայլային ական, գնդացիր կամ ՀՕՊ միջոցներ: Այսինքն, եթէ անոր վրայ տեղադրուած ըլլայ հակահրասայլային ական, մօտենալով հրասայլին կրնայ ոչնչացնել այն, կամ եթէ գնդացիր է, ապա զինուորի փոխարէն կրնայ մարտի ժամանակ կրակ վարել: Այս սարքի միջոցով նաեւ հնարաւոր է կրակելու ժամանակ անհրաժեշտ միջոցներ հասցնել բարդ մարտական իրադրութեան մէջ գտնուող զինուորներուն, սկսած ռազմամթերքէն, մինչեւ դեղորայք եւ առաջին օգնութեան պարագաներ:

«Սա  պարզապէս օրինակ է: Մենք նախատեսել ենք հետագայում աւելի կատարելագործուած մոտելներ ստեղծել եւ թողարկել»,- նշած է ան եւ ծանօթացուցած է միւս արտադրատեսակը, որ գնդացրային հարթակ կը կոչուի:
armhitec-1
«Գնդացրային այդ հարթակը յարմարացուած է լինում գետնի տակ, անհրաժեշտութեան դէպքում, այն դուրս է գալիս եւ սկսում է կրակ վարել՝ պաշտպանելով իր մարտական շառաւիղով նախատեսուած տարածքը»,- ըսած է ճարտարապետը:

«Օրսիս» ընկերութեան ներկայացուցիչը ներկայացուցած է դիպուկահար հրացանները, մասնաւորապէս «Տ 5000»-ը, որ ներկայիս ալ կը կիրառուի ՀՀ ԶՈւ-ի մէջ:

Ըստ անոր այս զինատեսակը իր չափորոշիչներով, որպէս դիպուկահար հրացան աշխարհի լաւագոյն եռեակի շարքին մէջ է:

Իսկ «Պրո Մակ» ընկերութեան մօտ ցուցադրուած է հայկական նոր արտադրութիւն՝ առանց օդաչուի թռչող սարքերը, որոնց մէջ է երկար սպասուած հարուածային «Հրէշ» ԱԹՍ-ն:
Ընկերութեան ճարտարապետ Դաւիթ Գալոյեանը յայտնած է, թէ ընկերութիւնը նախագծած ու թողարկած է ե’ւ հետախուզական ե’ւ հարուածային ԱԹՍ-ներ:
armhitec-2
Դաւիթ Գալոյեանը յայտնած է, թէ հետախուզական ԱԹՍ-ներու անուանումները խորհրդանշական են, կը կոչուին «Բիբ», որ նկատի առնուած է աչքի բիբը, որովհետեւ կը տեսնէ ամէն ինչ: Իսկ հարուածային ԱԹՍ-ն անուանած են «Հրէշ»: «Բիբ 1800»-ը օրինակ ե’ւ հարուածային ե’ւ հետախուզական ԱԹՍ է:
Չնայած ազդեցիկ անուանումին, «Հրէշ»-ի կշիռքն է 6-7 քկ, հեռուէն կը կառավարուի ընկերութեան նախագծած կապի միջոցներով, տեղորոշման համակարգով եւ նախատեսուած է մինչեւ 20 քմ հեռաւորութեան վրայ գտնուող զրահապատ տեխնիկան հարուածելու համար: Ան նշած է նաեւ, որ սարքի կապի խափանման պարագային ի զօրու է ինքնաոչնչացման, իսկ հետախուզական ԱԹՍ-ները կապի խափանման իրավիճակի մէջ յայտնուելու պարագային կը վերադառնան իրենց մեկնարկային կենդրոնները:

Ճարտարապետը մանրամասնած է նաեւ ԱԹՍ-ներու գործողութեան սկզբունքները:
armhitec-3
«Հետախուզական ԱԹՍ-ները սկսում են իրենց գործողութիւնն իրականացնել, յայտնաբերում են թիրախները, ազդանշանն ուղարկում են     նկարահանողին, որից յետոյ հարուածային ԱԹՍ-ներն ուղարկւում են թիրախների խոցման ուղղութեամբ»,- նշած է ան եւ աւելցուցած է, որ այս ամէնը կ’իրականանայ վայրկեաններու ընթացքին:

«Պրո Մակ» ընկերութեան ճարտարապետը ըսած է նաեւ, որ առաջիկային ունին աւելի կատարելագործուած նախագիծեր:

Ցուցահանդէսային համալիրի բակին մէջ տեղակայուած էին ՌԷՊ համակարգեր, որոնցմէ մէկը ռատիոտեխնիկական հետախուզութիւն  կ’իրականացնէ 250 կմ շառաւիղով: Զրոյցի ընթացքին ճարտարապետ Արամ Յարութիւնեանը տեղեկացուցած է, որ այս կայանները՝ յայտնաբերելով հակառակորդի ռատիոյի տեղակայման կայանները, կը վերլուծեն իրադրութիւնը, տեղերոշումը կ’իրականացնեն եւ տեղեկութիւնը կը փոխանցեն հրամանատարական կէտ:

Ցուցահանդէսին ներկայ տարբեր արտասահմանեան ընկերութիւններ եւս աշխուժօրէն ներկայացուցած են իրենց արտադրատեսակները: Ի դէպ նախորդ ցուցահանդէսի ժամանակ ներկայացուածէն զատ, հայկական ընկերութիւնները ներկայացուցած են նոր արտադրատեսակներ, ի հարկէ, խօսքը բաց ցուցադրութեան մասին է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment