Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պոլսոյ Պատրիարքական Ընտրութիւնը Յառաջիկայ Դեկտեմբերին

Պոլսոյ Պատրիարքական Ընտրութիւնը Յառաջիկայ Դեկտեմբերին

by MassisPost

Պոլսոյ  Պատրիարքի  ընտրութիւնը պիտի կայացուի  յառաջիկայ Դեկտեմբերին ըստ պատրիարքութեան կողմէ  հրապարակուած զեկոյցէ մը, որ լոյս տեսած է Պոլսոյ հայկական   օրաթերթերուն առաջին  ճակատին:

Զեկոյց
Թուրքիոյ Հայոց 85-րդ Պատրիարքի ընտրութեան Նախաձեռնարկ Մարմինս թափուր դարձած Աթոռին նոր գահակալի ընտրութեան համար հնաւանդ ընկալեալ կանոններուն զուգահեռ Նախարարաց Խորհուրդի 18.09.961 թուակիր ու 5/1654 համարաւ ընտրական որոշմնագրի ու Ներքին Գործոց Նախարարութեան 1990 ու 1998-ին կատարուած պատրիարքական ընտրութեանց  մասին կանոնագրութիւններու լոյսին տակ ձեռնարկած է ընտրութեան բաղկացուցիչ աշխատանքներուն։

Այս ուղղութեամբ նկատի ունենալով ընտրութեան երկաստիճան բնոյթն ու պատգամաւորներու ընտրութեան մասնակցելիք քուէարկողներու անուանացանկերու պատրաստութեան համար հարկ եղած ժամանակամիջոցը, յարմար տեսնուած է.

Ա. Եկեղեցական Պատգամաւորներու ընտրութիւնը կատարել 09.12.2017, Շաբաթ օր

Բ. Աշխարհական Պատգամաւորներու ընտրութիւնը կատարել 10.12.2017, Կիրակի օր

Գ. Իսկ Թուրքիոյ Հայոց 85-րդ Պատրիարքի ընտրութիւնը 13.12.2017, Չորեքշաբթի օր, ընտրեալ պատգամաւորներէ կազմուած ընտրական մարմնի ձեռամբ կատարել։

Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Ս. Արքեպսկ. Պեքճեանի, Պատկ. Կրօն. Ժողովոյ Ատենապետ Գերշ. Տ. Սահակ Ս. Եպսկ. Մաշալեանի ու Նախաձեռնարկ Մարմնի Ատենապետ Տիար Սարգիս Քիւլէքէչի համատեղ ստորագրութեամբ պատրաստուած դիմումնագիրը 09.08.2017 թուակիր ու 192687 – 12 համարաւ, ի տնօրինումն Ներքին Գործոց Նախարարութեան ուղարկուելու համար յանձնուած է Իսթանպուլի Կուսակալութեան։

Ի գիտութիւն կը ծանուցուի մեծարգոյ համայնքային մարմիններուն եւ հասարակութեան։

ՊԱՏ­ՐԻԱՐ­ՔԱ­ԿԱՆ ԸՆՏ­ՐՈՒ­ԹԵԱՆ ՆԱ­ԽԱ­ՁԵՌ­ՆԱՐԿ ՄԱՐ­ՄԻՆ 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment