Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սուրիոյ Ընդդիմադիր Ուժեր «Իսլամական Պետութեան» Ահաբեկիչներու Ձեռքէն 2 Հայ Ընտանիք Փրկած է

Սուրիոյ Ընդդիմադիր Ուժեր «Իսլամական Պետութեան» Ահաբեկիչներու Ձեռքէն 2 Հայ Ընտանիք Փրկած է

by MassisPost

Սուրիոյ ժողովրդավարական  ուժերը Օգոստոսին Ռաքքայի մէջ «Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման ճիրաններէն 7 քրիստոնեաներ փրկած են: Այս մասին, կը յայտնէ «Ակօս» պարբերականը:

«Aranews»ի փոխանցմամբ, փրկուածներու թուին եղած է երկու հայ ընտանիք:

Փրկուածներէն  հայազգի Սաւս Քարապճեան «Aranews»ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է, որ  «Իսլամական Պետութիւն» խմբաւորման ահաբեկիչներն իրենց ստիպած են իրենց գլուխները ծածկել, եւ իսլամներէն զանազանուելու համար  ստիպած են իրենց դէմքերը բաց պահել:

Ուրիշ հայ կին մը` Քարատիժ Քարատժեան նշած է, որ իրենք ստիպուած եղած են ահաբեկիչներուն հարկեր վճարել:

«Կարծես այսօր մենք կրկին ծնած ենք»,- «Aranews»ի հետ զրոյցի ընթացքին նշած է ան:

Նշենք, որ Իսլամական Պետութեան կողմէ Ռաքքայի գրաւումէն ետք տեղի քրիստոնեաներու մէկ մասը տեղափոխուած է քիւրտերու հսկողութեան տակ գտնուող Հասաքէ, իսկ միւս մասը կը շարունակէ մնալ Ռաքքա:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment