Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ապաստան Ստանալու Համար Սեւան Նշանեան Դիմած Է Յունաստանին

Ապաստան Ստանալու Համար Սեւան Նշանեան Դիմած Է Յունաստանին

by MassisPost

Պոլսահայ մտաւորական, լեզուաբան Սեւան Նշանեան, որ Յուլիս 14-ին յայտարարած էր  թրքական բանտէն փախուստին մասին, ապաստան ստանալու դիմում ներկայացուցած է  Յունաստանի իշխանութիւններուն: Մտաւորականը այս մասին յայտնած է «Արմէնբրէսին» տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին: Ան յայտնած է նաեւ, որ գործընթացը բարեյաջող կերպով  աւարտին հասցնելէ ետք կը փափաքի Հայաստան այցելել:

«Գործընթացը  պիտի սկսինք: Յունաստան ի սկզբանէ դիտարկած եմ որպէս իմ երկրորդ կամ երրորդ հայրենիքս, այս շատ գեղեցիկ ու քաղաքակիրթ երկիր է: Շատ ուրախ պիտի ըլլամ կեանքիս նոր հանգրուանը այստեղ անցընելով», ըսած է Նշանեան:

Բոլորին ամէնէն շատ հետաքրքրող հարցին, թէ ինչպէ±ս փախած է բանտէն, Նշանեան ըսած է,- «Դիւրին էր: Ոչ մէկ խնդիր եղաւ: 1.5-2 տարի ծրագրեցինք, սակայն գործնականին մէջ այդ ծրագիրներէն եւ ոչ մէկուն կարիքը եղաւ: Քալեցինք, գացինք: Թուրքիոյ  Հանրապետութեան պիւրոկրատիան անհեթեթ, ոչ խելամիտ մեխանիզմ մըն է, որ կ’ապրի երազներու անմեղսունակ աշխարհին մէջ: Եթէ հասկնաս անոր տրամաբանութիւնը, շատ հեշտ կրնաս խաղացնել մատերուդ վրայ»:

Ընտանիքի միւս անդամներուն նկատմամբ մտավախութիւն ունենալու կապակցութեամբ, Նշանեան յայտնած է որ, իր չորս մեծ զաւակները այս պահուն ամառնային հանգիստը  Թուրքիա կ’անցընեն եւ ինք  չի կարծեր, որ անոնց գլխուն բան մը կու գայ:

Նշանեան յայտնած է նաեւ որ բանտին մէջ անգործ չէ մնացած եւ գիրքեր գրած է:  « Նախ եւ առաջ պէտք է վերանայէի 3-4 տարի ուշացած արմատական բառարանը: Ենիփազարի բանտին մէջ գտնուած ընթացքիս անոր վրայ աշխատելու բաւական ժամանակ ունեցած եմ: Բացի անկէ, գրած եմ գիրք թրքերէն լեզուի պատմութեան մասին, ինչպէս նաեւ երկխօսութիւն կրօնի եւ կրօններու վերաբերեալ: Անոնք հրատարակութեան նախապատրաստելը մէկ տարի պիտի տեւէ: Բացի անկէ, փոքր աղջկաս՝ Անահիտին ուղղուած նամակներէն փոքր գիրք մը գրած եմ, թէեւ վստահ չեմ, թէ արդեօք կ’ուզե՞մ այն հրատարակել»:
Ապագային Հայաստան գալու  մտադրութիւններու մասին թրքահայ մտաւորականը յայտնած է ըսելով,- «Երբ կարողանամ օրինական կերպով հանգիստ շրջիլ, առաջին իսկ հնարաւորութեան պարագային կը ցանկամ գալ Հայաստան: Բանտին մէջ գտնուած ժամանակս Հայաստան գտնուող ընկերներէս մեծ աջակցութիւն ու սէր ստացած եմ: Շատ մարդիկ կան, որոնց կը ցանկամ շնորհակալութիւն յայտնել»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment