Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ ՍԴ Հնչակեան Կուսակցութեան Շնորհաւորական Նամակը Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեանի Վերընտրութեան Առթիւ

ՍԴ Հնչակեան Կուսակցութեան Շնորհաւորական Նամակը Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեանի Վերընտրութեան Առթիւ

by MassisPost

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի վերընտրութեան առթիւ, Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը յղած է հետեւեալ շնորհաւորական նամակը.

Մեծարգոյ Պարոն Նախագահ,

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան անունով ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Ձեզ` Արցախի Հանրապետութեան Նախագահի պաշտօնին վերընտրուելու բարեբաստիկ առիթով:

Հերոսական Արցախի համար այս ճակատագրական հանգրուանին, Ձեր նման նուիրեալ, կորովի եւ իմաստուն ղեկավարի մը` հանրապետութեան նախագահի պարտականութիւններու վերստանձնումը մենք կ’ողջունենք եւ հաւատացած ենք, որ ձեր ղեկավարութեան ներքոյ, Արցախը պիտի շարունակէ յաղթահարել իր դէմ ծառացած բոլոր մարտահրաւէրները, միշտ իր թիկունքին ունենալով համայն հայութեան նեցուկը:

Այս առիթով, կը մաղթենք Ձեզ քաջառողջութիւն, ոյժ եւ անսպառ եռանդ` Ձեր բարձր առաքելութեան իրականացման ճանապարհին:

ՍԴ Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւն

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment