Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳ Հրապարակեց Հայաստանի Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ Վերջնական Զեկոյցը

ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳ Հրապարակեց Հայաստանի Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ Վերջնական Զեկոյցը

by MassisPost

Յուլիս 10-ին հրապարակուեցաւ եւրոպական տարբեր կառոյցները համախմբող` ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳ-ի վերջնական զեկոյցը, Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններու վերաբերեալ: Ըստ զեկոյցին, ընտրակաշառքը, պետական պաշտօնեաներու  վրայ գործադրուած ճնշումները` դպրոցներու եւ հիւանդանոցներու մէջ, ինչպէս նաեւ որոշ կուսակցութիւններու օգտին ձայն ապահովելու նպատակով ընտրողներու ահաբեկման մասին պնդումները մթագնած են  Ապրիլ 2-ին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններու ընթացքը:

Եւրոպայի   անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան Ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու գրասենեակի (ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳ) հայաստանեան ընտրութիւններու դիտորդական առաքելութեան հրապարակած վերջնական զեկոյցին մէջ ըսուած է,- ՚«Լայնածաւալ ընտրակաշառքի մասին պնդումները եւ ընտրողներու նկատմամբ ճնշումներն ու ահաբեկումը բացասաբար ազդած են ընտրարշաւին վրայ՝ աճեցնելով ընտրական գործընթացին նկատմամբ արդէն իսկ առկայ անվստահութիւնը», – նշուած է զեկոյցին մէջ: Դիտորդներու գնահատմամբ, ընտրարշաւին մէջ տեղ գտած այս խնդիրները եւ ընտրութիւններու օրն ու անկէ ետք քուէարկութեան գաղտնիութեան վերաբերեալ հնչեցուած նշանակալի կասկածները մտավախութիւններ առաջացուցած են ընտրողներու ազատ կամարտայայտման իրաւունքի իրացման առումով:

«Իշխանութիւններն ու քաղաքական ուժերը պէտք է բոլոր հնարաւոր ջանքերը գործադրեն ընտրութիւններու ազնուութեան նկատմամբ հասարակական վստահութիւնն ամրապնդելու համար, այդ թուին՝ հրապարակաւ մերժելով քուէներու առուվաճառքը եւ քայլեր ձեռնարկելով, որպէսզի ընտրողներու նկատմամբ ճնշումներ չգործադրուին որոշ ընտրական հանդիպումներու մասնակցելու կամ որեւէ յստակ ձեւով քուէարկելու համար», – նշուած է զեկոյցի քարոզարշաւին վերաբերող բաժնին մէջ:

Վերահաստատելով դեռ նախնական զեկոյցի ժամանակ իրենց հնչեցուցած դրական գնահատականներն այն մասին, որ խորհրդարանական ընտրութիւնները լաւ կազմակերպուած էին, ընդհանուր առմամբ պահպանուած էին հիմնարար ազատութիւնները, իսկ ընտրութիւններու օրն անցած է հանգիստ ու խաղաղ, օրուայ ընթացքին նշանակալի միջադէպեր չեն արձանագրուած, «ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳ»ի դիտորդական առաքելութիւնը, այդուհանդերձ հաստատած է, որ միջազգային դիտորդները լարուածութիւն եւ ընտրողներու ահաբեկման փորձեր նկատած են թէ՛ ընտրատեղամասերուուն մէջ, թէ՛ անոնցմէ դուրս:

Զեկոյցին մէջ ըսուած է նաեւ, որ «ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳ»ի միջազգային դիտորդներուն հետ զրոյցներու ժամանակ մտահոգութիւններ հնչեցուած են այն մասին, որ հասարակութիւնը դժկամութիւն կը ցուցաբերէ ընտրախախտումներու մասին ահազանգելու հարցին մէջ, որ կը բացատրուի բողոքներուն ընթացք տալու գործընթացի արդիւնաւէտութեան նկատմամբ անվստահութեամբ:

«Դատական համակարգի, ընտրութիւններու կազմակերպման եւ իրաւապահ համակարգի անկախութեան բացակայութիւնն ու բողոքներուն ընթացք տալու փորձը կասկածի տակ կը դնեն իրաւական ճանապարհով անոնց բաւարարման արդիւնաւէտութիւնը, բան մը, որ չի համապատասխաներ «ԵԱՀԿ»ի նկատմամբ երկրի ստանձնած պարտաւորութիւններուն եւ Եւրոպայի Խորհուրդի չափանիշներուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment