Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ալեքսանդր Արզումանեան Դանիայի Մօտ Հայստանի Դեսպան Նշանակուած է

Ալեքսանդր Արզումանեան Դանիայի Մօտ Հայստանի Դեսպան Նշանակուած է

by MassisPost

Եթէ ֆութպոլի ազգային հաւաքականի մարզիչ նշանակէին, կարելի էր զարմանալ։  Այս մասին «NEWS.am»ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարեց նախկին ԱԳ նախարար, նախկին ընդդիմադիր պատգամաւոր, այսօր Սերժ Սարգսեանի հրամանով Դանիայի մօտ դեսպան նշանակուած Ալեքսանդր Արզումանեան՝ անդրադառնալով իր նշանակման:

Հարցին, թէ ինչո՞ւ ընդունեց Սերժ  Սարգսեանի առաջարկը՝ հաշուի առնելով, որ տարիներ շարունակ անընդունելի համարած է  Սերժ Սարգսեանի վարած քաղաքականութիւնը, նախկին արտաքին գործոց նախարարը պատասխանեց. «Երբ անցնեմ թոշակի, յուշերս կը հրատարակեմ, կը կարդաք այդ ամէնը։ Ես չեմ ուզում մեկնաբանութիւն տալ: Եթէ ֆութպոլի ազգային հաւաքականի մարզիչ նշանակէին, կարելի էր զարմանալ, ես Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին լիազօր եւ արտակարգ դեսպանի աստիճան ստացած քաղաքացին եմ»։

Դիտարկման, որ խօսքը դիւանագիտական ոլորտի մէջ իր ունեցած փորձին եւ հեղինակութեան մասին չէ, այլ այն մասին, որ ինք ընդունած է Սերժ Սարգսեանի առաջարկը, որուն իշխանութեան դէմ մշտապէս պայքարած է, Արզումանեան արձագանգեց. «Դուք երեւի դիւանագիտութեան տարրերը լաւ չէք պատկերացնում։ Դեսպանը ներկայացնում է հանրապետութիւնը, երկիրը: Ես չեմ ուզում աւելին մեկնաբանել, կը գայ ժամանակը, կը նստենք, կը խօսենք»։

Նախագահ Սերժ Սարգսեանի այսօրուայ հրամանագրերով, Հրաչեայ Աղաջանեան ազատած է Դանիայի եւ Նորուեկիոյ մօտ Հայաստանի դեսպանի պաշտօնէն, Ալեքսանդր Արզումանեան նշանակուած է Դանիայի մէջ Հայաստանի դեսպան:

Յիշենք, որ Ալեքսանդր Արզումանեան Հայաստանի նախկին արտաքին գործոց նախարարն է, ՄԱԿ-ի մօտ ՀՀ նախկին դեսպանը, եղած է Հայոց Համազգային Շարժում, «Ազատ Դեմոկրատներ» ընդդիմադիր կուսակցութիւններու անդամ, Ազգային Ժողովի նախորդ գումարման պատգամաւոր էր:

Հայաստանի նախագահի պաշտօնական կայքէջին փոխանցմամբ, Սերժ Սարգսեան այսօր հրամանագրեր ստորագրած է նաեւ Արմէն Եգանեանը Գանատայի մօտ ՀՀ դեսպանի պաշտօնէն ազատելու եւ այդ պաշտօնին Լեւոն Մարտիրոսեանը նշանակելու մասին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment